Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով դատավարութիւնը պիտի սկսի 16 յունուարին: «Այդ օր պատմական օր մը պիտի ըլլայ Լիբանանի համար», յայտարարեց այս հարցով զբաղող Մարթին Եուսուֆ` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ դատավարութիւնները աւարտին մարտ 2015-ին:
«Պիտի կանչուին 500 վկաներ եւ բոլորին զեկուցումներուն լոյսին տակ պիտի վճռուին յառաջիկայ քայլերը», աւելցուց Եուսուֆ:


