
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի անունով ուղղուած հրաւէրի լոյսին տակ, անոր մօտիկ աղբիւրներ կը նշեն, որ Մանսուր պիտի գլխաւորէ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելիք լիբանանեան պատուիրակութիւնը, բացի եթէ մինչ այդ կազմուի նոր կառավարութիւնը, ինչպէս կը ներշնչեն կատարուող խորհրդակցութիւններն ու դրսեւորուող կեցուածքները:


