Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ձեռագործներուն Նուիրուած Հաւաքոյթ

December 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayashenԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութիւնը, 21 նոյեմբեր 2013-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը` ակումբին վերանորոգուած «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ հրաւիրեալներ: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ ձեռնարկի կայացման թուականը մօտ է ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, վարչութիւնը յարմար նկատեց հրաւիրել հայկական ձեռագործներու հմուտ մասնագէտներէն Սեդա Մեսրոպեանը եւ Սիրուն Սէֆէրեանը, որպէսզի ներկաներուն փոխանցեն հայկական ձեռագործներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ:

Օրուան դասախօսներէն Սիրուն Սէֆէրեանը շատ հետաքրքրական ձեւով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածենք եւ լաւ ձեւով պահենք ձեռագործները. օրինակ` տարիներու ընթացքին ինչպէս պահպանել կամ ինչպէս լուալ ու յատուկ ձեւերով ծալել, ինչպէս արդուկել միշտ մաքուր ձեռքերով բռնել եւ այլն: Ան շեշտեց նաեւ, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ ձեռագործները գործածել փոխանակ տարիներ շարունակ մէկ կողմ դրուին անոնք` ծալուած վիճակի մէջ, որովհետեւ այդպէս ե՛ւս կը վնասուին ձեռագործները:

Այս շինիչ դասախօսութիւնը աւելի հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելու համար հիւր դասախօսները իրենց հետ բերած էին շատ նուրբ կերպով աշխատցուած հայկական զանազան տեսակի ձեռագործներ, ինչպէս` Այնթապի, Ուրֆայի, Մարաշի եւ այլ նուրբ նաշխուած ձեռագործներ, որոնք հիացուցին բոլորը: Ներկաներէն ոմանք փափաք յայտնեցին յառաջիկային ձեռագործներու դասընթացքներու հետեւելու եւ սորվելու այս իւրայատուկ արուեստը: Այս ընկերային եւ հաճելի մթնոլորտէն խանդավառուած եղաւ կարգ մը նուիրատուութիւններ:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ. Ծերերու Կաղանդ Պապուկի Հաւաքոյթ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Կաղանդի Պազարը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.