Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Հայկական Աւանդական Պազար

December 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

AGBU_bazar-(1)Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումը 6-7-8  դեկտեմբերին ունեցաւ հայկական աւանդական կաղանդի պազարը` յաջորդական երեսուներորդ տարին ըլլալով:

Լիբանանի 2013-ի Գեղեցկութեան թագուհի Գարըն Ղըրաուի պազարին բացումը կատարեց:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց համախմբումի ատենապետ Գալին Եավէրեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց միութեան նպատակն ու տարած աշխարհացրիւ գործունէութիւնները: Համախմբումին կողմէ Գարըն Ղըրաուիին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը` ՀԲԸՄ-ի Էջմիածնի Հայորդաց տան ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած հայկական գորգ մը: Գարըն Ղըրաուի շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած առիթին ու վստահեցուց, թէ իր մէկ տարուան առաքելութեան ընթացքին պիտի գործակցի համախմբումին հետ` իր պաշտպանած «Կանանց բռնութեան դէմ» թէզին գործունէութեանց ընդմէջէն:

Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանի, ներկաներուն հրամցուց ամանորեան գեղեցիկ երգեր:

AGBU_bazar-(2)Օրուան հիւրը ապա շրջագայեցաւ միութեան տիկնանց մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշերու եւ անուշեղէններու, ինչպէս նաեւ ամանորեայ յարդարանքներու սեղանները: Ցուցադրուած էին նաեւ հայկական ձեռարուեստի գործեր ու հայկական մրգեղէն, տուրմեղէն, ինչպէս նաեւ ամանորեայ տնային յարդարանքներ, գեղանկարչական եւ ձեռային աշխատանքներ, կանացի հագուստեղէն ու զարդեղէններ:

Ուրբաթ 6, շաբաթ 7 եւ կիրակի 8 դեկտեմբեր 2013-ին եւս կար հետաքրքրական յայտագիր:

Կիրակի օրը Կաղանդ պապան այցելեց պազար, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ. կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Զանի Մեսրոպեան իր գիրքերէն պատմութիւններ ընթերցեց անոնց: Հասաւ ձիրքերու ներկայացման ժամը, ուր ճոխ յայտագիրով ներկայացան աղջիկներ եւ տղաք` երգով, դաշնակի ու ջութակի վրայ նուագելով, պարելով եւ արտասանելով ելոյթ ունեցան ու բուռն ծափահարութեանց արժանացան:

Տիկնանց համախմբումին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան յայտագիրին մասնակիցներուն:

Նախորդը

ՀՕՄ-ը Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Սուրիահայերուն Եւ Արցախին

Յաջորդը

Աւանդական Ամանորի Հանդիպում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.