Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ. ԱԶԳԱՅԻՆ-ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ` ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՆԵՐՍԻԿ ԻՍԲԻՐԵԱՆԻ

June 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 20 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ներսիկ Իսբիրեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքը ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին անունով արտասանեց Յակոբ Գառնեշեան, որ նշեց, թէ ՀՅԴ-ն «Թուղթէ շերեփ»ը «Երկաթէ շերեփ»ի վերածեց` շուրջ 120 տարի արեամբ ու քրտինքով զոհաբերելով յանուն հայութեան եւ արժանանալով ժողովուրդին յարգանքին եւ հպարտութեան: Գառնեշեան յայտնեց, որ յեղափոխական երգերուն ընդմէջէն երիտասարդութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը եւ ծառայութիւնը;

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ներսիկ Իսբիրեան, որ առաջին բաժինով երգեց աշուղական, ժողովրդական եւ ազգագրական երգեր, ինչպէս` «Անգին եղբայր», «Թամամ աշխարհ պտուտ եկար», «Մշոյ աղջիկ» եւ այլն:

Յայտնենք, որ Իսբիրեանին կ’ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեանն ու իր նուագախումբը, իսկ ներկաները ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշներով, երգեցողութեամբ եւ ծափերով կը բերէին իրենց մասնակցութիւնը:

Իսկ երկրորդ բաժինով Իսբիրեան երգեց ազգային-յեղափոխական երգեր, որոնց շարքին էին Սերժ Թովմասեանի, Կարօտի, Շահէն Մեղրեանի, Պետոյի եւ այլ հերոսներու յիշատակներուն նուիրուած երգեր, «Կամաւորի երգը», «Ձայն տուր, ո՜վ Ֆետայ»ն, «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»ը: Երգահանդէսը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»ով:

Նախորդը

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՌԱՔԵԱԼ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԿՈՉԷ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.