Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

June 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց Կուսանաց տօնին: Պատարագեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ան նկատել տուաւ, որ սուրբերու տօներուն կարգին հայերս կը տօնախմբենք Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնը` աւելցնելով, որ Հայաստանի քրիստոնէութեամբ պայծառանալու եւ հաւատքով լուսաւորուելու դէպքը կը զուգադիպէր Սրբոց Հռիփսիմեանց նահատակութիւն: Ան շեշտեց, որ այս տօնը նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելու տօնն է: Սրբազանը ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեանց իբրեւ պետական կրօն հռչակման:

«Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, Ս. Հռիփսիմէ եւ իր ընկերուհիները նախախնամական դեր ունեցան», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Հռիփսիմէի կեանքը օրինակ պէտք է դառնայ կիներուն համար: Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ պէտք է ներկայանանք մեր հոգեկան գեղեցկութիւններով եւ առաքինութիւններով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ Ս. Հռիփսիմէի խորհրդանիշ շուշանածաղիկի օրհնութիւն:

Աւարտին թաղականութեան սենեակին մէջ սրբազան հօր աբեղայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: Թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Տօնիկեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ առաջնորդ սրբազանը իր երիտասարդութեան կանուխ տարիներուն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նետած է իր առաջին քայլերը` ընտրելով քրիստոնէութիւնը իբրեւ հաւատքի եւ կեանքի ուղի: Ան շնորհաւորեց սրբազան հօր աբեղայական ձեռնադրութեան 30-րդ տարեդարձը` անոր արեւշատութիւն եւ առողջութիւն մաղթելով:

Նախորդը

ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ. ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԸ

Յաջորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ. ԱԶԳԱՅԻՆ-ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ` ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՆԵՐՍԻԿ ԻՍԲԻՐԵԱՆԻ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.