Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Մանրամասնութիւններ` Ք. Փելթեքեանի Գիրքին Մէջ

December 11, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

british-press-book13 հոկտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ Քաթիա Մինաս Փելթեքեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակները. հրապարակումներ բրիտանական մամուլին մէջ 1914-1923 թուականներուն» երկհատոր գիրքը:

Աւելի քան հազար յօդուածներ պարունակող երկհատոր գիրքը կը ներառէ 1914-1923 թուականներուն բրիտանական մամուլին մէջ հրապարակուած բոլոր այն յօդուածները եւ անդրադարձները, որոնք կը վերաբերին այդ ժամանակահատուածի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ իրագործուած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան: Այս ձեւով փորձ կատարուած է կարելի եղածին չափ մանրամասն կերպով ներկայացնել հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած ողբերգութիւններու հանդէպ բրիտանական կառավարական եւ ոչ կառավարական շրջանակներու վերաբերմունքը: Գիրքին մէջ առանձնայատուկ կերպով ներկայացուած է նաեւ բրիտանական խորհրդարանին մէջ հայութեան առնչուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ընթացակարգերը:

«Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան կայքէջի փոխանցմամբ, գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 22 նոյեմբերին, Լոնտոնի մէջ,  Ճենիսթըն Կարտընզ Լոնտոն 25 հասցէին գտնուող «Հայկական տուն» շէնքին մէջ:

Գիրքին հեղինակը համացանցի վրայ տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած է, որ հրատարակման համար անհրաժեշտ բոլոր նիւթերուն հաւաքումը եւ ատոր հետ կապուած  ծախսերը կատարած է անձնապէս` առանց որեւէ հայկական կամ ոչ հայկական կազմակերպութեան օժանդակութեան: Մանրամասնելով գիրքի ստեղծման աշխատանքները` Քաթիա Փելթեքեան նշած է, որ Ցեղասպանութեան հարցը հետազօտող գիտնականներուն մեծամասնութիւնը իրենց հրապարակումներուն մէջ կը փորձեն առաւելաբար ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ամերիկեան աղբիւրներու եւ ատոնց տուած տեղեկութիւններուն վրայ` այդ ձեւով անտեսելով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ բրիտանական կողմի արձագանգները:

Հեղինակին համար սկզբնաղբիւր հանդիսացած են «Տը Թայմզ» (Լոնտոն), «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» (ներկայիս ծանօթ իբրեւ «Տը Կարտիըն») եւ «Տը Սանտէյ Թայմզ» թերթերը: Համեմատութեան համար հեղինակը կը նշէ, որ «Տը Թայմզ»-ի 1875-1923 ժամանակաշրջանի հրապարակումները աւելի ընդգրկուն տեղեկատուութիւն կը պարունակեն հայերու հետ կատարուած իրադարձութիւններու վերաբերեալ, քան` «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն»-ի հրապարակումները:

Երկհատոր գիրքը, ըստ էութեան, բացառապէս մամուլի հրապարակումներու հաւաքածոյ մըն է եւ չի ներառեր որեւէ գիտական կամ ակադեմական հրապարակում: Գիրքին մէջ զետեղուած են Բրիտանիոյ Լորտերու եւ Համայնքներու պալատներու կողմէ կատարուած աւելի քան 65 քննարկում-բանավէճեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի մէջ հայերու վիճակին, գաղթական հայերու կացութեան եւ վերջիններուս օժանդակութիւն ցուցաբերելու բրիտանական կողմի քայլերուն:

Գիրքը լոյս կը սփռէ նաեւ Մուսթաֆա Քեմալի եւ թուրք ազգայնականներու կողմէ գործուած հայերու կոտորածներու փաստերուն վրայ, ինչպէս նաեւ` Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագրերու եւ ատոնց հիմքը կազմող մեծ տէրութեանց մասնաւոր շահերուն վրայ: Հեղինակը այդ ժամանակաշրջանին հակահայկական տրամադրութիւններ ունեցող կողմ կը ներկայացնէ Բրիտանական կայսրութեան հնդիկ իսլամ քաղաքացիները:

Յայտնի լրագրող, համալսարանական դասախօս Քաթիա Փելթեքեանը ծնած եւ մեծցած է Պէյրութ: Հիմնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ հետագային ուսումը շարունակած է Քանատայի մէջ: 1999-ին սկսած է զբաղիլ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող օրուան մամլոյ հրապարակումներու հաւաքագրմամբ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ: Հրատարակած է հայութեան վերաբերող բազմաթիւ յօդուածներ, որոնց շարքին կ՛առանձնանան 2000-ին հրատարակուած «Heralding of the Armenian Genocide: Reports in the Halifax Herald (1894-1922)» եւ 12 տարուայ աշխատանքի արդիւնք եղող, վերջերս լոյս տեսած «The Times of the Armenian Genocide: Reports in the British Press, 1914-1923»-ը:

Նախորդը

«24 Ապրիլ 1915» Հատորը Լոյս Կը Տեսնէ Թուրքիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Քանատահայ Հարրի Կարապետին Պատմութիւնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.