Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«24 Ապրիլ 1915» Հատորը Լոյս Կը Տեսնէ Թուրքիոյ Մէջ

December 11, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

444597Պատմաբան եւ հետազօտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ հրապարակ հանեց «24 ապրիլ 1915» խորագրեալ կոթողային ուսումնասիրութիւն մը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ նուիրուած է 1915-ի 24 ապրիլի գիշերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ոդիսականին եւ այդ պահէն ետք գործուած ոճիրներուն ու մաքրագործումներուն:

Գիրքին խորագիրը ունի ենթախորագիր մըն ալ, որ արդէն կը գծէ ուսումնասիրութեան շրջագիծը: Արդարեւ, «24 ապրիլ 1915. Պոլիս, Չանգըրը, Այաշ, Անգարա» է գիրքին բուն անունը: Այս կերպով Օվատիա մինչեւ Չանգըրը ու Այաշ կը տանի 24 ապրիլի գիշերը ձերբակալուած հայ մտաւորականները, բայց մասնաւոր կերպով դիտել կու տայ, որ անոնք կ՛անցնին նաեւ Անգարայէն, ուր արդէն կը ճշդուի անոնց ճակատագիրը:

«Մարմարա» կը գրէ. «Պատմաբան Օվատիայի հետ առաջին անգամ ծանօթացած էինք, երբ ան պատրաստեց ու հրատարակեց Գրիգոր Զոհրապի մասին իր հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը: Այդ գիրքը Գրիգոր Զոհրապի ճակատագիրին մասին թրքերէնով հրատարակուած ցանցառ գիրքերէն մէկն էր: Կրնայինք կարծել, որ Գրիգոր Զոհրապի մասին գրուած այդ գիրքով, Օվատիա վերջ պիտի տար հայկական նիւթերու նկատմամբ իր հետաքրքրութեան: Մինչդեռ այդպէս չէր: Նեսիմ Օվատիա արդէն Գրիգոր Զոհրապէն ալ առաջ սկսած էր ուսումնասիրելու 24 ապրիլը եւ անկէ է, որ ճանչցած էր Զոհրապին պատմութիւնը ու պահ մը միւս ուսումնասիրութիւնը ընդհատելով` գրած էր Զոհրապին մասին: Ապա կրկին վերադարձած էր իր բուն նիւթին, որ 24 ապրիլի գիշերն է»:

Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ներկայիս հրամցուած գիրքը մօտաւորապէս 700 էջերով իսկապէս շատ կարեւոր հրատարակութիւն մըն է եւ ասիկա արդիւնք է երկար տարիներ զանազան արխիւներու մէջ կատարուած փնտռտուքներու, փաստաթուղթերու հաւաքածոյի ու կենսագրական գիրքերու քննարկումի: Հեղինակը մասնաւորապէս օգտուած է Անտոնեանի ու Պալաքեանի յուշերէն, բայց այս գործը դուրս կը պոռթկայ երկուքին կենսագրութիւններէն ու կ՛ընդգրկէ շատ հարուստ հաւաքածոներու որոնումներ:

Գիրքը կը բացուի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի 24 ապրիլ 1915 թուակիր եւ օսմանեան բանակի հրամանատարութեան ուղղեալ մէկ հրամանագիրով, որուն մէջ Թալէաթ փաշա կը գրէ, թէ հայերը ապստամբական շարժումներու ձեռնարկած են, ուստի պէտք է ձերբակալուին բոլոր պարագլուխները, ձեռք դրուին բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ ու չարտօնուի, որ պարագլուխներէն ոեւէ մէկը խոյս տայ եւ այլն: Այնուհետեւ հեղինակը կը բանայ իր ուսումնասիրութիւններուն կծիկը, որ ընթերցողին կը հրամցուի կարճ պատմումներով, որպէս առանձին դրուագներ: Խորագիրներուն մէջ, օրինակ, կը կարդանք` «Պետրի պէյ», «Տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեանին ձերբակալութիւնը», «Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեանին ձերբակալութիւնը», «Գրիգոր Պալաքեան կեդրոնական բանտ կը տարուի», «Հայ ոստիկաններ», «Արամ Անտոնեան Բանկալթըի ոստիկանատան մէջ», «Կոմիտաս վարդապետին ձերբակալութիւնը» եւ այլն: Իւրաքանչիւր գլուխ երեք-չորս էջերու դրուագ է. 24 ապրիլի գիշերէն ճամբայ ելլելով` հեղինակը մէկ առ մէկ կը պատմէ Անգարայի շուրջ կատարուած զանգուածային սպանդներուն կամ Չանգըրըի ու Այաշի մէջ սպաննուած մտաւորականներուն դրուագները` վերջաւորութեան ներկայացնելով նաեւ 24 ապրիլի մահերուն ու վերապրողներուն հաշուեկշիռը:

Հեղինակը հետաքրքրական իր նախաբանին մէջ կը պատմէ, թէ իր նպատակը չէ 1915-ի բոլոր  պատահարներուն մասին գրել, ոչ ալ փնտռել` ասիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ չէր: Իր նպատակն է կանգ առնել մեծ ողբերգութեան միայն մէկ երեսին վրայ` իր պատմութիւնը սահմանափակելով միայն 24 ապրիլին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուածներով: Այսպէս, հոն խօսուած չէ Դանիէլ Վարուժանի մասին, բայց խօսուած է Գրիգոր Զոհրապի մասին: Հեղինակը կը պատմէ նաեւ, որ Այաշի ու Չանգըրըի մէջ կատարուած սպանդներուն մասին որեւէ տեղ որեւէ տեղեկութիւն չկայ, ոչ ալ` պետական արխիւներու մէջ. կարծէք թէ հոն տարուածները ցնդեցան օդին մէջ: Յայտնի է ուրեմն, որ այս փաստաթուղթերը իթթիհատականներուն կողմէ ջնջուած ու մաքրուած են: Իր աշխատասիրութեան մէջ ան իբրեւ մեկնակէտ ընդունած է Թէոդիկի 24 ապրիլին նուիրուած գիրքը: Ան դիտել կու տայ, որ կարգ մը պատմաբաններ պնդած են, թէ հայերու կողմէ յառաջ քշուած պնդումներուն մէկ մասը սխալ ու կեղծ է, բայց ինք արխիւներու մէջ ստուգած է, որ այդպէս չէ, այլ պնդումները իրականութեան կը համապատասխանեն:

Նեսիմ Օվատիայի այս նոր ու յոյժ կարեւոր գիրքը հրատարակուած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքը գրի առնուած է հասկնալի ու սահուն ոճով, առանց խճողուելու պատմական ու փաստագրական ճնշիչ տուեալներով:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Մանրամասնութիւններ` Ք. Փելթեքեանի Գիրքին Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.