Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Գանձասար – Արարատ (0-1) 11-րդ հանգրուանի մրցումէն ետք, իրարու հետ ընդհարում ունեցան երկու խումբերուն ֆութպոլիստները:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կարգապահական յանձնախումբը, քննելով այս միջադէպին առնչուած հարցերը, կարգ մը կախակայումներ եւ նիւթական պատիժներ սահմանեց հետեւեալ ձեւով.
Հրայր Մկոյեան, Արմէն Թաթինցեան 2 մրցումով, իսկ Արթուր Աւագեան մէկ մրցումով կախակայուեցան, մինչ անոնց ակումբը` Գանձասար, 150 հազար դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Արարատի մարզիկներէն Տարքօ Պոնտիչ, Գալուստ Պետրոսեան, Յովհաննէս Գրիգորեան որակազրկուեցան երկու մրցումով, իսկ Ստեփան Ղազարեան եւ Գէորգ Նռանեան` մէկական մրցումով: Անոնց ակումբը նաեւ ենթարկուեցաւ 200 հազար դրամ տուգանքի:


