Երէկուան մեր մարզական էջով հրապարակած էինք լուր մը, ուր կ՛ըսուէր, թէ Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց 2013-ին արգիլուած խթանիչներ օգտագործած եւ որակազրկուած մարզիկներուն ցանկը, ուր յիշուած են նաեւ Հայաստանի 6 ներկայացուցիչներուն անունները:
Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը ցարդ չի կրնար մեկնաբանութիւն տալ հայ 6 ծանրորդներուն որակազրկման մասին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերդեան, որ նաեւ բաւական յարգուած միջազգային կարգի իրաւարար է, կ՛ըսէ, որ Հայաստան ցարդ պաշտօնական փաստաթուղթ չէ ստացած որակազրկումներուն մասին:
«Շուտով Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փութինի բաժակի մրցաշարքը, որուն ընթացքին ես կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ սկիզբէն մեզ չեն ուղարկած որակազրկումներուն մասին փաստաթուղթերը, նախքան այդ ցանկը իրենց պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրելը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ թէեւ Հայաստանի մէջ ծանրաբարձութիւնը ստացած է պետական լուրջ աջակցութիւն, ունի կարգ մը հովանաւորող ընկերութիւններ, սակայն ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը չունի պաշտօնական կայքէջ, մամլոյ քարտուղարութիւն եւ վերջապէս` գրասենեակ:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջերուն վրայ նշուած է, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին գրասենեակը կը գտնուի Աբովեան 9 հասցէին վրայ, ուր տեղակայուած են նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն:


