Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ դիրքաւորուած ապահովութեան ուժերը այսօրուընէ սկսեալ ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրեն:
Շարպել շեշտեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձանները բոլոր շրջաններէն աւելի ենթակայ են ահաբեկչութեան թիրախ դառնալու:
Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած է ապահովական տասնօրեայ արտակարգ ծրագիր մը, որ Աշուրայի ընթացքին պիտի գործադրուի:


