Նախորդ շաբաթավերջին «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ), աւարտեցաւ Լիբանանի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը:
Թայ-Պրէյք-ի մրցումը, որ պիտի վճռէր ախոյեանին անունը, չկատարուեցաւ, որովհետեւ Ահմետ Նաժժար քաշուեցաւ մրցաշարքէն` առ ի քաջալերանք իր մրցակիցին:
Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ Իպրահիմ Շահրուր (16 տարեկան), ինք հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր մրցանակակիրներուն:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահ Նեպիլ Պատըրի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած այս մրցանակաբաշխութեան իր մրցանակը ստացաւ նաեւ 2012-ի աղջկանց ախոյեան Սիւզան Մուրատեան:
Յատուկ վկայականներ ստացան նաեւ տարբեր վարժարաններու մէջ ճատրակ դասաւանդողներ, բնականաբար կատարուած մարզիչի քննութիւններուն յաջողութիւններ ձեռք ձգելէ ետք:




