Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամօթալի Ձախողութիւն»

October 15, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը, ամէնէն մեղմ բնութագրումով, անհանգստացուցած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները: Այստեղ` Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը Պաքուի իր տէրերուն առջեւ արդարացուելու նպատակով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր «Ամօթալի ձախողութիւն» կ՛որակէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ իրականացուած սոյն շրջապտոյտին կազմակերպումն ու ընթացքը:

Սոյն հաղորդագրութեան մէջ ազրպէյճանական ներկայացուցչութիւնը կը փորձէ համոզել, թէ պատուիրակութեան կազմին մէջ «միայն երեք ոչ հայեր»-ու ընդգրկումը ապացոյց մըն է, որ Հայ դատի յանձնախումբը չէ կրցած խաբել ամերիկացի պաշտօնատարները` զանոնք «գրաւուած տարածքներ» տանելու իր դաւադիր ծրագիրը իրականացնելու համար: «Մենք կը յուսանք, որ հինգ ամիսներու ծրագրաւորումէ, հարիւրաւոր հեռախօսազանգերէ, պաշտօնատարներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներէ ետք այսպիսի ձախողութեան մը մատնուիլը դաս ըլլայ հայկական լոպիին, որպէսզի անդրադառնայ, թէ միշտ չի կրնար իր ցեղապաշտական ոգիով կատարած քարոզչութիւնը տեղ հասցնել», կ՛ըսուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ:

«Ասպարէզ» օրին տեղեկագրեց Քալիֆորնիոյ պատուիրակութեան այս այցելութեան մասին: Միայն այն փաստը, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի նախագահ Ճան Փերեզը, բաւարար էր պարզելու մեկնող խումբին քաղաքական կշիռը եւ Հայ դատի յանձնախումբի ազդեցութեան շրջանակը:

Ի մեծ յուսախաբութիւն ազրպէյճանական հիւպատոսարանին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր քաղաքական գործերու շարքին այսպիսի բազմաթիւ «ձախողութիւններ» արձանագրելէ պիտի չհրաժարի երբեք:

 

 

 

Նախորդը

«Հայերի Հողերի Բացայայտումը Թուրքիայի Փլուզումն Է, Գոյքը Տեղում Է, Տիրոջը Գտնելու Խնդիրը Կայ»

Յաջորդը

«Հիւրրիյէթ»-ի Մի Հրատարակութեան Առթիւ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.