Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնի Դափնեկիր, Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանին Նոր Ժապաւէնը

October 4, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ»  Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն անդրադարձող շնչաւորուած նկարներով ժապաւէն:

Սերժ Աւետիքեան ներկայիս կ՛աշխատի մեծ նախագիծի մը վրայ, որ «Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» շնչաւորուած նկարներով (անիմասիոն) լիամեթրաժ ժապաւէնն է:

Աւետիքեան պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: «Ժապաւէնին բեմագրութիւնը լիովին ամբողջական է, այժմ մենք մշակում ենք ժապաւէնի` չորս վայրկեան տեւողութեամբ նախագիծը` երկու դրուագ», Փարիզէն ըսած է Աւետիքեան:

Բեմագրութեան վերջին տարբերակը մշակելով` Աւետիքեան հասկցած է, թէ որքան մեծ է ժապաւէնին ներքին հզօրութիւնը: «Արդէն սկսում եմ հասուն ձեւով զգալ ժապաւէնի ոճը, որը շատ հրապուրիչ է: Հայաստանի հետ անմիջական համաարտադրութիւն   այն, ամենայն հաւանականութեամբ, չի ունենայ: Հնարաւոր է, որ որպէս համաարտադրող երկիր հանդիսանան Քանատան եւ Թուրքիան», ըսած է բեմադրիչը: Թուրքիոյ հետ համաարտադրութեամբ ստեղծուած էր նաեւ «Շուներու կղզին» ժապաւէնը, որուն համար ժապաւէնին բեմագիրը Քաննի փառատօնին արժանացաւ «Ոսկէ արմաւենի» մրցանակին:

Աւետիքեանի գնահատմամբ, «Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» անուղղակի եւ դաժան ձեւով կը պատմէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, որ կ՛առնչուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ֆաշականութեան: «Այսօր, կարծում եմ, Թուրքիայում կան համարձակ երիտասարդ արտադրիչներ, որոնք կը ցանկանան լինել այս գործի մէջ, որովհետեւ սա իրենց համար էլ է կարեւոր», պարզաբանած է ժապաւէնին հեղինակը:

ժապաւէնին առանցքին են քոյր ու եղբայր Ռոզան եւ Արմէնը, որոնք որբեր են եւ կ՛ապրին Ատիս Ապեպայի մէջ, ուրկէ ստիպուած են փախչելու Ճիպութի, ապա` Պոլիս: ժապաւէնին մէջ հերոսներու կեանքին մասին պատմող տարատեսակ իրադարձութիւնները կը հանգուցալուծուին Մարսէյի մէջ, ուր անոնք վերջնական բնակութիւն կը հաստատեն:

Աւետիքեանի հաւաստիացումով, ժապաւէնի ենթախորքին մէջ ներկայացուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր հետեւանքը` սփիւռքահայութիւնը: «Աշխարհի տարածքին  սփռուած ազգի պատմութիւնն է հէնց ժապաւէնի վերջին ստորակէտը», ընդգծեց Աւետիքեան` աւելցնելով, որ փորձած է ժապաւէնին մէջ Ցեղասպանութեան հետեւանքները կապել Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերու հետեւանքներուն հետ:

Նախորդը

Հայերը Հայաստանի Համար

Յաջորդը

Արտագաղթ… Գիւմրիէն Ռուսիա Եւ Թուրքիա

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.