Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Հայաստանի Համար

October 4, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Իբրեւ ամառնային արձակուրդ, քանի մը շաբաթներու համրանքով, խումբով Հայաստան մեկնած էի եւ արդէն իսկ վերադարձած եմ: Բայց ինչո՞ւ անպայման Հայաստան:

Ի՛նչ մեղքս պահեմ, կը կարծեմ, որ Հայաստանը մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ միշտ եղած է քիչ մը ամէն տեղ: Կը զգայի այդ մէկը, որովհետեւ հոն հայրենիքիս ոգիները ինծի հետ էին ու` անփոխարինելի բան մը փլցուցած հոգիիս մէջ: Անոր համար հորիզոնէ հորիզոն ու աստղէ աստղ հետս տարած էի ազգային հպարտութիւնս, գիտակցութիւնս եւ հայրենասիրութիւնս:

Ու այս օրերուն, հո՛ս, տանս չորս պատերէն ներս, կը փորձեմ տողերուս յանձնել մտքիս բեռերը` ոչ իբրեւ նոթագրութիւն, օրագրութիւն եւ կամ ալ` յուշագրութիւն:

Է՜հ, ինչպէս որ կ՛ուզէք, հաշուեցէ՛ք, հոգս չէ, որովհետեւ բոլորիս համար ազատ եւ անկախ Հայաստան մը ունենալը եւ այցելելը միշտ երազանք էր եղած: Աշխարհի վրայ թերեւս չէք կրնար գտնել որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ:

Այս է ահա հայրենասիրութիւնը, կ՛ըսեմ:

Ու հոն, ամէն ազատ պահերուս, պանդոկիս դէպի փողոց նայող սրճարանի սեղանին ետեւէն ժամերով դիտած եմ դուրսը, անցորդը, բոլոր դրական երեւոյթները, հայ բանուորը, անգործ երեւանցին, ուրախ եւ վշտահար սուրիացին եւ օտար զբօսաշրջիկները: Նոյնիսկ քաջութեամբ փորձած եմ անոնց մօտենալ ու սրտբաց խօսիլ: Լսել անոնց սեւն ու ճերմակը, հայհոյանքն ու ընդվզումը, հինն ու նորը, ցաւն ու վիշտը եւ նաեւ` ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը: Միշտ լաւը տեսնելը կամ դրականը փնտռելը ազգային առողջ գիտակցութեան կը նպաստէ: Համոզուած եմ:

Աւելցնեմ, որ նոյն այդ փողոցի մայթերուն վրայէն ականջալուր եղած եմ քաղաքական ծանր պայմաններու բերումով Սուրիայէն եւ յատկապէս Հալէպէն Հայաստան ապաստանած մեր հայորդիներու իրաւ կամ չափազանցուած «գանգատներուն»` երախտագիտական խօսքերուն, «վրդովանքներուն», տեղացիէն` իրենց հասցէագրուած «թունաւոր» խօսքերուն ու նաեւ հայրենիքէն ներս իրենց ծրագրած ապագայի հեռանկարներուն:

Սակայն, ինչ որ ալ ըսեն եւ ընեն, կ՛ըսէի մտովի. հոս է Հայաստանը, ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկրի նման: Ուստի անպայմանօրէն պէտք է որոնել այս երկրին խորհուրդը:

Ինծի համար բացայայտ էր, թէ երկրի, ծննդավայրի եւ կամ մայրենի լեզուի հանդէպ սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն է, այլեւ` ազգային արժանապատուութեան զգացում: Բայց չես գիտեր ինչո՞ւ մեծէն մինչեւ փոքրը, մենչեւ համեստ քաղաքացին այս մասին յաճախ մոռցած է:

Զգացի, որ բոլորին հայրենասիրութեան վերաբերեալ խօսքերն ու խօսակցութիւնները յաճախ սին էին ու պարապ, քանի որ ամէն քայլափոխի տեսանելի էր, թէ ինչպէս նոյն այդ մարդիկը իրենց խօսքերով կամ արարքներով կ՛ոտնահարէին ազգային արժանապատուութիւն ըսուածը:

Այս բոլորին մասին օրին խօսած եմ հայրենի զրուցակիցներուս հետ ու` հետեւցուցած, թէ մենք տակաւին կը տառապինք հմտութենէ, եւ թէ` բոլոր հայերու հայրենիք Հայաստանը, որքան շուտ այնքան լաւ, պէտք է դառնայ այն գլխաւոր նպատակին, որ ի սկզբանէ ունեցած է: Որովհետեւ այս ընթացքով այնպէս կ՛երեւի, թէ չափանիշները խախտած են: Թերեւս պարզապէս կրկին ժամանակ է պէտք, ես զիս կը համոզեմ: Թէ` որքան ժամանակ, այդ մէկն ալ կախեալ է քաղաքացիի անհատականութենէն:

Հպարտօրէն ըսելով` գեղեցկացած էր ամէն օր կէսօրին արթնցող եւ գիշերները մինչեւ առաւօտեան ժամերը յամեցող Երեւանը եւ` խճողուած: Ոչ մէկ խօսք: Ճաշարան, սրճարան. լեփ-լեցուն` մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Ամէն տեղ եւ ամէն գիշեր` քէֆ եւ ուրախութիւն: Վկա՛յ Երեւանէն ներս կամ դուրս խճողուած սրճարաններն ու ճաշարանները:

Միւս կողմէ, ի տես լեփ-լեցուն «աւթոպիւսներուն», որոնք արտագաղթող քաղաքացիները դէպի օդակայան կը տանէին, կրկին անգամ զիս մեծ մտահոգութեան մը մէջ կը նետէին: Շատ խօսուած է արտագաղթի մասին: Այս մէկը արդէն ազգային վիշտ ալ է:

Որո՞ւ հոգը: Բայց… անպայմանօրէն գիտակից հայուն հոգը:

Անոր համար միշտ կը մտածեմ, թէ մեր դրացիներէն մեզմէ խլուած հողերը կը պահանջենք, բայց չենք կրնար տէր կանգնել մեր 29 հազար քառակուսի քիլոմեթրին. ու կամաց կամաց երկիրը կը դատարկենք: Ամէն օր հայ մարդիկ իրենց հայրենիքէն կը հեռանան, որովհետեւ իրենց համար «գործ» չկայ, «աղքատութիւնը գլուխ առեր է»: Որովհետեւ կը մտածեն, թէ հայրենի հողը «ծանր» է իրենց համար: Մարդիկ, հայ ընտանիքներով կը հեռանան իրենց հարազատ հայրենիքէն, սիրելի ու պաշտելի իրենց Երեւանէն, Գիւմրիէն, Արարատեան մեր երկրի ամէն կողմերէն: Վստահ եմ, որ անոնք բոլորն ալ օտար երկիրներ գաղթելով` պիտի շարունակեն Հայաստան եւ Երեւան երազել ու ամէն առիթներով անիմաստ ու շատախօս կենացներ պիտի նուիրեն` իբրեւ սրտի մխիթարանք:

Այնպէս կ՛երեւի, թէ մարդիկ արդէն շատոնց մոռցած են, թէ հողը եւ լեզուն վերապրումի գործիքներ են, կ՛եզրակացնեմ:

Աւելի՛ն. նշմարած եմ նաեւ, թէ շատերուն համար տակաւին Հայաստանը կը մնայ իբրեւ տեսարժան վայրերով հարուստ զբօսաշրջութեան յարմար, լաւ, աժան ու գեղեցիկ երկիր մը, ուր նոյնիսկ կարելի է ակռաները աժան ձեւով դարմանել:

Անկախ այս բոլորէն, տակաւին կը մեղադրենք մեր երկրի դրացիներուն հայկական յուշարձանները աւերելուն համար, սակայն մենք մեր ձեռքերով կը քանդենք մեր կոթողները: Գանձասարի, Տաթեւի վանքի, Խոր Վիրապի եւ կամ սրբատեղիներու պատմական պատերուն վրայ մեր սիրուհիներուն նուիրուած խօսքեր կը փորագրենք` աւերելով այդ սրբատեղիներուն պատմական սրբութիւնները: Էջմիածնի մայր տաճարէն մինչեւ Արցախի Ս. Ամենափրկիչ, հսկայ ու գեղեցիկ նաեւ այլ տաճարներու շրջափակերուն գարշահոտ, աղտոտ ու անխնայ ու լքուած լուացարաններուն ներկայութիւնը զիս ուղղակի յուսախաբութեան կը մատնէ:

Ասոնք բոլորը ամօթ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ատելութիւն են սեփական ազգի նկատմամբ: Ահա մեր ազգային նկարագրի աղաւաղումը, կ՛ըսեմ շշմած:

Կորսուած է մեր սեփական արժանապատուութիւնը: Տեղ մը սխալ բան մը կայ: Պէտք է զայն վերագտնել ու անպայման այս ափ մը մեր հայրենիքէն ներս վերադարձնել իր իրաւ ազգային դիմագիծը:

Կը կրկնեմ միշտ, թէ մեր վերապրումը բաժակաճառերով չ՛ըլլար: Սթափումի ճիգ պէտք է: Հայ նոր մտքի կոփում: Արդար ղեկավարութիւն:

Ինծի համար, սփիւռքի կողքին, այս օրերուն հայրենիքն ալ հայ ինքնութեան պահպանումի կարօտը ունի: Եւ որպէսզի մենք մեր մէջ չսրդողինք եւ մենք մեր մէջ ալ չյուսահատինք, եւ որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի, մենք պէտք է, որ նպաստենք մեր երկրի օրէնքի եւ արդարութեան հաստատման: Դասեր քաղենք պատմութենէն: Նոր շունչ հաղորդենք ու ազգային ոգիին թափ տանք:

Տոկալ, վերապրիլ, սիրել երկիրը եւ ստեղծագործել: Այս բոլորը, որովհետեւ հաստատապէս մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է: Որովհետեւ բոլորիս համար անմահութեան ճամբան Մասիսն է:

«Հայաստանը հայերու համար» ըսինք ու կրկնեցինք, թելադրեցինք ու յորդորեցինք, աւելի քան երկու տասնամեակներ: Այս օրերուն սեփական արժանապատուութեան վերահաստատման սիրոյն ժամանակն է, որ ըսենք ու գործենք «Հայերը Հայաստանի համար»:

Այս ձեւով, անկասկած մեր երկրին մէջ պիտի վերագտնենք այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք իբրեւ ազգային եւ մարդկային արժէքներ:

 

 

Նախորդը

Անուղղայ Լաւատեսը

Յաջորդը

Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնի Դափնեկիր, Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանին Նոր Ժապաւէնը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.