Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Որպէսզի Յաւերժ Ամրագրենք Վերանկախացած Պետականութեան Գոյատեւելիութիւնը

September 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1991-ի սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէի ճամբով վերականգնած 1918-ի անկախութիւնը կը թեւակոխէ իր երկրորդ տասնամեակը: Չափակշռելով անցնող 22 տարիներու փորձութիւններու ուղին` կու գանք  այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութիւնեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարին արդիւնքը այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել պետականութեան կայացման ճանապարհին վերընձիւղուած բնօրրանի կազմաւորման առաջին քայլերը միայն, որ առայժմ զերծ կը մնայ խոստմնալից ապագայի մը բոլոր նախադրեալներէն:

Կացութիւնը աւելի ճիշդ կը բացատրուի տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու, նոր սահմանագծումներու եւ դիւանագիտական մթին հաշիւներու առկայութեամբ, որոնց մէկ օղակը կը կազմէ արցախեան հիմնահարցը եւ որուն բանակցութիւններու գործընթացը իր վերջնական ձեւաւորման մէջ հայութեան կը հրամցուի «խաղաղութիւն-տնտեսական բարգաւաճում եւ կամ պատերազմ-տնտեսական ճգնաժամ» այլընտրանքի բովէն ներս:

Պատերազմի պատճառով հայութեան վրայ պարտադրուած է «ամրոց պետութեան» վերածուելու այլընտրանքը, որուն զուգահեռ, տնտեսական ճգնաժամն ու անգործութեան պատճառով ծաւալ առած հայրենալքումն ու արտագաղթը, այսօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դնեն կացութիւնը լրջօրէն վերաժեւորելու, ուժերը համախմբելու եւ համընդհանուր զօրաշարժի ենթարկելու հարկադրանքին տակ:  Իրերու դրութեան նման ենթահողին վրայ հայ քաղաքական մտքին առջեւ սուր կերպով կը դրուի սեփական տունը կարգի բերելու հրամայականը` նախապայման դաւանելով հայոց պետութեան ու պետականութեան հզօրացումը:

Ազգի եւ հայրենիքի վաղուան վարդահեղեղ արշալոյսը կերտելու եւ Հայկական հարցի պայքարը իր արդար լուծումին առաջնորդելու երկարաշունչ երթին նախապայմանն է պետականութեան հզօրացումը:Քաղաքական եւ ազգային բոլոր ուժերը ի մի բերելով, աղէտի համազօր արտագաղթի ճգնաժամէն ու տնտեսական անել դրութենէն դուրս գալու համար, համայն հայութեան անհրաժեշտ է այսօր ազգային փրկութեան համալիր ծրագրի մը իրագործումը:

Անկախութիւնը վերամրագրելու ու անոր վերընձիւղուած աւիւն ներարկելու համար, այսօր գերագոյն հրամայական է նաեւ, հայութեան քաղաքական-տնտեսական ներուժին նպատակամէտ համակարգումը եւ անոր օգտագործումը` յանուն ազատագրեալ Արցախի միջազգային իրաւական ճանաչումին:

Կացութիւնն ու ճգնաժամը յստակ են: Ի գին բազում զոհողութիւններու մեր վաստկած յառաջխաղացքներն ու նուաճումները աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ պահպանելու համար անհրաժեշտ է ամուր եւ կայուն պետականութիւն: Իսկ այսօրուան պայմաններով, նման պետականութեան մը երաշխիքը կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի քաղաքական եւ տնտեսական ամբողջ ներուժի համադրումը եւ այն հաստատ գիտակցութիւնը, որ ազգային մեր գոյատեւման ճանապարհը այսուհետեւ մենք է, որ կը տնօրինենք, սեփական մեր կամքով եւ միասնական անխորտակ շարքերով:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Վերականգնենք Մեր Լաւատեսութիւնը

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Եւ Ընդդիմութիւնը Զրկուած Են Սահմանադրական Իրաւունքներից». Թաթուլ Յակոբեանի Զրոյցը Ազրպէյճանի Յայտնի Քաղաքագէտ Զարտուշթ Ալիզատէի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.