Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Միքայէլ Դպրեվանքի Ամառնային Դասընթացքի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

September 3, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան, Ս. Միքայէլ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանի ծրագիրի ծիրին մէջ այս տարուան ամրան ականատես եղանք Զմմառու տեսչութեան նախաձեռնութիւններէն մէկուն եւս: Անիկա կը միտէր ժառանգաւորներուն հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան` որպէս համայն հայութիւնը միաւորող գործօնի, իմացութեան բարձրացումին:

Ան կազմակերպուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ: Ուսուցումը կայացաւ բարձր մակարդակով` դասաւանդման արդիական եղանակով: Այս բոլորին զուգահեռ, շրջապտոյտները առաւել հետաքրքրական դարձուցին մթնոլորտը.  դասընթացքը եզրափակուեցաւ հանդիսութեամբ:

29 օգոստոս 2013-ի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդիսութիւն` նախաձեռնութեամբ` Ս. Միքայէլ ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարաններու տեսչութեան, կազմակերպութեամբ` Զմմառեան ուխտի երէց ու փոքր ժառանգաւորներուն, որոնք ներկայացուցին յայտագիրը:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Յովհաննէս Չագըրեանը, որ ներկայացուց վանքէն ստացած իրենց դրական լիցքերը:

Գեղարուեստական յայտագիրին «Լեռներ հայրենի» ստեղծագործութիւնը ներկայացուց Էլի Պետրոս Հատտատը կիթառի վրայ եւ Մանուէլ Քէշիշեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, փոքրնորընծաները «Վանքս» եւ «Մայրերու Օր» ոտանաւորները արտասանեցին, սրինգի վրայ հնչեց «Տէր ողորմեա»-ն, «Հրաժեշտի երգ»-ն ու «Խուժան Ասկեր»-ը` ժառանգաւորներու մեկնաբանութեամբ:

Օրուան բանախօս` Էլի Պետրոս Հատտատը ներկայացուց հայազգի երախտաւորներէն` Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի ծաւալած հոգեւոր եւ ազգանուէր աշխատանքը, եւ շեշտը դրաւ անոր բարեգործութեան վրայ. «Իրեն շնորհիւ Զմմառը ունեցաւ սեփական նորընծայարանի շէնք մը, որուն 50-ամեայ յոբելեանը կը նշենք»: Այնուհետեւ` «ան իր կրօնական համոզմունքներով եղած է կաթողիկէ, իսկ ոգիով ազգային: Իր հայեացքներուն եւ գործունէութեան շնորհիւ նուաճեց հայ կաթողիկէ համայնքին սիրտը: Յետ մահու դասուած է հայ կաթողիկէ Զմմառեան Միաբանութեան անուանի հայրերու շարքին», ըսելով` եզրափակեց խօսքը:

Բանախօսութեան յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն պատրաստութեամբ` կիս. Տիգրան Փիլիպպոսի եւ Գէորգ Ներսէսեանի, որ կ’ընդգրկէր նկարներ Կարդինալ Աղաճանեանի երիտասարդ վարդապետական տարիներէն մինչեւ անոր կարդինալական աստիճանի արժանանալը, ինչպէս նաեւ նկարներ Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովի անոր ունեցած գործօն մասնակցութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր ասմունք`  Լեւոն Ստեփանի եւ Վարդան Ճալլուֆի կողմէ, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին «Արարատի ծեր գմբէթից» եւ «Հայրենիք» բանաստեղծութիւնները:

Ապա ժառանգաւորներու երգչախումբը ազգային եւ հոգեւոր երգերով հանդէս եկաւ, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Օրուան հանդիսաւար կիս. Պարգեւ Պաշխընճի ներկայացուց «Ձօն դպրեվանքի 50-ամեայ տարեդարձին» ոտանաւորը իր իսկ գրիչով պատրաստուած:

Ընծայարաններու տեսուչ   Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան արտասանեց հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը: Ան ժառանգաւորներուն հասցէին դրուատական խօսքեր արտասանելու կողքին անդրադարձաւ գաղթաշխարհի մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիները գտնելու կարեւորութեան. «…Ահա թէ ինչու Զմմառու ընծայարանի տեսչութիւնը, դպրեվանքիս 50-ամեայ յոբելեանի միջոցառումներուն շրջագիծին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց հայրենաւանդման դասընթացքին: Օտար ափերուն հայապահպանութեան երաշխիքը հայոց լեզուն է», հաստատեց ան:

Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան, իր կարգին խրախուսեց նորընծաները որ անսասան մնան իրենց կոչումինմէջ: Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայարաններու տեսչութեան, որուն անդամները անսակարգ նուիրումով կը ծառայեն դպրեվանքիս բարգաւաճմանը ի փառս Աստուծոյ եւ հայրենիքին, եւ «պահպանիչ»-ով եզրափակեց հանդիսութիւնը:

Աս առթիւ, մայրավանքիս «Վերափոխման» եկեղեցւոյ մէջ, Գրիգոր Պոյաճեանը, Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանին տուաւ Զմմառեան միաբանութեան անդամակցութեան իր խոստումը, որուն յաջորդեց եղբայրական ագապ ընծայարանի սեղանատան մէջ:

Հ. ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Փոխ-տեսուչ
Զմմառու Ընծայարաններու

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Կարծիք – Հայաստանի «Թուրքական» Փաթեթը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.