Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Խաղերուն Ախոյեան Պատուիրակութեան Գնահատանքի Ընթրիք

August 31, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 22 օգոստոս 2013-ին երեկոյեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ գնահատանքի ընթրիք մը` 27 յուլիս 2013-էն 3 օգոստոս 2013 Հայաստանի մէջ կայացած Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ խաղերու ընթացքին մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան, որ կը բաղկանար 95 ՀՄԸՄ-ականներէ, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց եւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Յարութ Ալաճաճեան:

Յ. Ալաճաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, որ բացառիկ եւ յատուկ առիթով մըն է, որ կազմակերպուած է այսօրուան ձեռնարկը, յատուկ` այն իմաստով, որ առաջին անգամն է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը կը նուաճէ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն յատկացուած մրցաշարքին բաժակը 1981-էն ի վեր:

Շրջանային վարչութիւնը կու գայ մեծապէս գնահատելու բոլոր վարչութիւններուն թէ անհատ քոյր-եղբայրներուն կողմէ տարուած ջանքերը իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք` մասնակցութիւն բերելու յիշեալ խաղերուն, որուն իբրեւ արդիւնք` Լիբանան 9-րդ մարզախաղերուն ներկայացաւ թիւով ամենամեծ պատուիրակութեամբ: Մեծապէս կը գնահատենք նաեւ բոլոր մարզիչներուն, պատասխանատուներուն եւ մարզիկ-մարզիկուհիներու ունեցած ներդրումը` արձանագրուած յաջողութիւններուն մէջ:

Սոյն բաժակին տիրանալը կու գայ ապացուցելու, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մարզական կեանքը տակաւին աշխուժ է եւ առողջ:

Նաեւ, այս բաժակին տիրանալը, որ ինքնին նուաճում մըն է, յաւելեալ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ մեզ, որ ՀՄԸՄ Լիբանան մնայ նոյն բարձունքին վրայ ու փորձէ վերատիրանալ այս յատկանշական բաժակին, որ իր քարոզչական լայնածիր արձագանգը ունեցաւ լիբանանեան բանաւոր, գրաւոր մամուլով եւ հեռատեսիլային կայաններու մարզական բաժիններով:

Կու գանք Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականներուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն եւ բարեկամ հաստատութիւններուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերին Լիբանանի պատուիրակութեան մասնակցութեան յիշեալ մարզախաղերուն:

Հանդիսութեան աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողքին կարկանդակը կտրեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան կրտսերագոյն մարզիկուհի Սանան Խաչերեանը եւ կրտսերագոյն մարզիկ Հրակ Գլըպոզեանը:

Նախորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

Յաջորդը

Ապատեղեկատուութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.