Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Քելեշեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

August 12, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովհաննէս Քելեշեանի կեանքին ու գործունէութեան հետեւողը կը հասկնայ, թէ ի՞նչ է հաւատքը: Հաւատաւոր մարդու մը դէմ յանդիման կը գտնուինք արդարեւ. հաւատաւոր հայ, հաւատաւոր դաշնակցական, հայ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակ:

Հաւատքի վրայ հիմնուած ծառայական կեանքի ընթացք մը, որ անշեղ ու անսխալական կերպով շարունակուեցաւ վաղ պատանեկութենէն, մինչեւ ծերութիւն, լրիւ վաթսունամեակ մը:

Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ընթացքը 1952-ին աւարտելէ ետք, պուրճհամուտցի երիտասարդը կը դառնայ ուսուցիչ, իր սերունդի ուրիշ շատ ճեմարանականներուն նման: Շուրջ քսան տարիներու ուսուցչական ծառայութենէն ետք, Յովհաննէս Քելեշեան իր կազմած ընտանիքին կարիքները գոհացնելու համար կը դառնայ առեւտրական եւ թուղթ-տոպրակի իր վաճառատունը կը վերածէ ընկերներու ու բարեկամներու հանդիպման վայրի մը: Յաջող ուսուցիչը որքան յաջող վաճառական եղաւ, չեմ գիտեր: Գիտեմ սակայն, որ Յովհաննէս Քելեշեանի կենցաղային պայմաններուն մէջ փոփոխութիւն չնկատուեցաւ: Ան մնաց ազգային ու կուսակցական գործերու մէջ մխրճուած համեստ ու պարզունակ կենցաղով մարդը, մի՛շտ գործունեայ, միշտ ձեռներէց, մի՛շտ աշխատունակ:

Յովհաննէս Քելեշեանի սերունդին վիճակուեցաւ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմի տեւողութեան ազգային ու կուսակցական ղեկավարութեան ծանր պատասխանատուութիւնը: Կոմիտէներու բազմամեայ անդամակցութենէն ետք, պատերազմի ամենաթէժ պահերուն Յովհաննէս Քելեշեան ստանձնեց «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչի դժուարին պատասխանատուութիւնը, զոր կատարեց իրեն յատուկ համբերատարութեամբ, կազմակերպական արիութեամբ, իր խնամքին յանձնուած շրջանի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորողի զգօն գիտակցութեամբ:

Նոյն ժամանակաշրջանին էր, որ Յովհաննէս Քելեշեան անդամակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Դաշնակցութեան կազմակերպական աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը գրեթէ մնայուն եղած էր, յատկապէս կազմակերպական յանձնախումբին ընդմէջէն, որ համակարգուած աշխատանք տանող ու կարգապահ դաշնակցական շարքերու առկայութեան կազմակերպիչն ու հսկիչն էր:

Համազգայինի ու ՀՄԸՄ-ի մէջ ժողովական մասնակցութեան կողքին, Յովհաննէս Քելեշեանի գործունէութեան միւս գլխաւոր երեսը հանդիսացաւ Ազգային իշխանութիւնը, որուն բարձրագոյն մարմիններուն` Քաղաքական ժողովին ու Գաւառական ժողովին անդամակցութիւնը աւարտեցաւ Գաւառական ժողովի ատենապետութեամբ: Շրջան մըն ալ Յովհաննէս Քելեշեան դարձաւ Դատաստանական խորհուրդի ատենապետը:

Ահաւասիկ գործունէութեամբ եւ ծառայութեամբ լեցուն կեանք մը, որ կ՛աւարտի անժամանակ կերպով` հակառակ իր երկարութեան, եղերական պայմաններու մէջ: Ալ պիտի չլսենք այլազան ժողովներու ընթացքին Յովհաննէս Քելեշեանի սուր, ու երբեմն ալ կրքոտ քննադատութիւնները, քաղաքական, ազգային, մշակութային հարցերու վերլուծումները: Ականատես ենք կամաւոր ստանձնուած պատասխանատուութեան ծայրայեղ բծախնդրութեամբ ու ամբողջանուէր եղանակով փարած` գործող, քննադատող, որովհետեւ տագնապող դաշնակցականներու սերունդը կ՛անհետանայ: Մենք երախտապարտ ենք այդ սերունդին, երախտապարտ ենք Յովհաննէս Քելեշեանին` դաշնակցական ամէնէն աւելի վաւերական արժէքները պահպանելու, քարոզելու, այդ արժէքներուն հիմամբ գործելու ու մեզի կուռ կազմակերպութիւն մը աւանդելու համար:

Մեզի կը մնայ պահպանել աւանդը:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Արդիականութեան Հետ. Հեռաձայնին Փարած` Մեր Շրջապատը Մերժելու Դէմ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կողմէ Եգիպտոսի Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւնը Մերժող Եւ Դատապարտող Արաբական Կեցուածքներու Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.