Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդիականութեան Հետ. Հեռաձայնին Փարած` Մեր Շրջապատը Մերժելու Դէմ

August 12, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՀՈԳԻ ԿԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԻՆ ԵՒ ԿԸ ԶՐՈՒՑԵՆ` ԱՌԱՆՑ ԻՐԵՆՑ «ԲԱԶՄԱՏԱՂԱՆԴ» ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՆԵՐԸ ՇՈՂԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՄԷՋ ԿՈՐՍՈՒԱԾ` ԻՐԵՆՑ ՇՐՋԱՊԱՏԸ ԱՆՏԵՍԵԼՈՒ: ԺԱՄԱՆԱԿՆ ԷՐ, ՈՐ ՄԱՐԴԱԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ ԽԱԽՏՈՂ ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԾՆՈՒՆԴ ՏԱՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՆՈՐ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԲԱՌ ՄԸ ԵՒ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԿԱՅՔ ՄԸ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԼԱՆՈՒԱԾ ԳԷԹ ՉԱՓԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԸ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Մինչ կ՛աւարտէք համացանցի ընկերային ցանցերու վրայ ձեր վիճակը վերաթարմացնելու աշխատանքը, մենք ուրախութեամբ պիտի սպասարկենք այն ազնիւ անձին, որ կը գտնուի ձեր ետին»:

«Ո՛չ Թուիթըր, ո՛չ Ֆէյսպուք, ոչ Ինսթակրամ, ոչ Ֆորսքուեր, ոչ սեքսթինկ. յարգեցէք ճաշի պահը, երաժշտութիւնը եւ ձեր ընկերակիցները»:

Նման որմազդներ կարելի է արձանագրել «Սթափ ֆապինկ» անունով կայքէջէ մը, որ կը պայքարի թուային (տիճիթըլ) միջոցներու անքաղաքավար գործածութեան դէմ, եւ որ սկսած է համաշխարհային տարողութեամբ հետեւորդներ շահիլ:

Մելպըռնի 23 տարեկան բնակիչ Ալեքս Հէյ «ֆոն» (հեռաձայն) եւ «սնապինկ» (մերժել) բառերէն կազմած է «ֆապինկ» բառը, որ կը նշանակէ «ընկերային միջավայրի մէջ անձի մը ներկայութիւնը մերժել` տեւաբար նայելով հեռաձայնին, փոխանակ ուշադրութիւն դարձնելու անոր»: Վիճակագրական կատակ մը կ՛ըսէ. «Եթէ ֆապինկը համաճարակ մը ըլլար, անիկա կրնար բնաջնջել 6 Չինաստաններ»: Սակայն, այս պայքարին նպատակը բաւական լուրջ է. լուսարձակի տակ առնել հանրային վայրերու մէջ իրենց հեռաձայնին դիմաց սառած դէմքերը, ենթադրաբար մտերմիկ ընթրիքներու ընթացքին երկտողեր տպող մատները, ինչպէս նաեւ` այն մէկտեղումները, զորս կարելի էր այլապէս իրականացնել Կուկըլ Հենկաութց ծրագիրին միջոցով, նկատի ունենալով այն ժամանակը, զոր կը տրամադրեն մասնակիցները` իրենց բջիջային պաստառին:

Երբ հարցը կը վերաբերի ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներու, ինչպէս` բազմաթիւ կարողութիւններով օժտուած խելացի հեռաձայններ (սմարթֆոն), համակարգչային սպասարկութիւններով օժտուած ափի գործիքներ եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան նման հրաշալիքներ, մեզմէ շատերը հակամէտ են վարուելու պատանիներու պէս, մեր մատներով խաղալու մեր փայլուն խաղալիքին հետ, անտեսելով մեր շուրջ գտնուող ամէն ինչ եւ ամէն բան: Պատճառը մասամբ այն է, որ հաղորդակցութեան շարժական գործիքներու արհեստագիտութիւնը մեզի համար տակաւին նորութիւն է: Զանգուածային շուկաներ թափանցած խելացի հեռաձայնները հազիւ 17 տարուան անցեալ մը ունին, այՖոները` միայն 6, իսկ այՓետերը` պարզապէս 3: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ կենցաղավարական գետնի վրայ ետ կը մնանք, կամ` թուային ծնունդ մը մեզ այսքա՛ն հրապուրած է:

Տարօրինակ է, սակայն «ֆապինկ»-ը իր մէջ կը պարունակէ տհաճ ճշմարտութիւն մը. մարդիկը աւելի դիւրութեամբ կարելի է դիմագրաւել պաստառի վրայ հանդիպումի մը առիթով: Անոնք նուազ հակամէտ են պահանջելու աւելորդ ճիգեր, ինչպէս` անշեղ ուշադրութիւն կամ` մաքուր շապիկ: Տեղեկութիւններով պարէնաւորումի այս դարուն հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ կ՛ուզենք զիրար սեղմել ելեկտրոնային տողերու մէջ, ինչպէս նաեւ` ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու վրայ մեր դիրքը կամ վիճակը ցոյց տուող քանի մը բառերու: Ասիկա ձեւ մըն է յարմարելու տեւական եւ անսահման կապուածութեան:

Այլընտրանքը անշուշտ ամօթ զգալն է եւ ամօթ զգացնելը` աւելի չափահաս գոյութիւն մը ապրելու համար: Հաւաքոյթի մը առիթով ձեր բջիջային հեռաձայնները դրէք սեղանին վրայ. առաջին անձը, որ համարձակի խաղալ իր գործիքին հետ, կը վճարէ հաշիւը: Կարելի է նաեւ օգտուիլ «Սթափ Ֆապինկ»-ի «անուանէ եւ խայտառակէ» սպասարկութենէն, որ մեզ կը հրաւիրէ հրապարակելու անուղղայ «ֆապըրներուն» անունները: Սակայն, զգուշ. այս կայքը պէտք չէ այցելել ձեր բջիջային հեռաձայնով, այլապէս կայքը կը պախարակէ ձեզ նախատական խօսքով մը եւ կը թելադրէ համակարգիչին դիմաց նստիլ եւ կայքը պեղել զգաստ անձի մը պէս:

Այսուհանդերձ, երբեմն պաստառի մը ետին թաքնուելու կարելիութիւնը փրկութիւն է: Օրինակ, երբ գինետան մը մէջ առանձին կը սպասենք մէկու մը: Ֆիզիքական մօտիկութիւնը չ՛երաշխաւորեր հետաքրքրութիւն` այլ անձերու կամ վայրերու նկատմամբ:

Սակայն, այնուհետեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ զո՛վ կ՛անտեսենք: Անոր ծամածուռ ժպիտը եւ սրընթաց մեքենագրող մատները հաւանաբար արդէն մեզ ուղարկած է «Սթափ ֆապինկ»ի մէջ խայտառակուած անձերուն անկիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Արդիականութեան Հետ. Հակաահաբեկչութեան Ոստիկաններ Կը Հարուածեն «Ուսապարկ» Եւ «Ճնշեփ» Փնտռողներ

Յաջորդը

Յովհաննէս Քելեշեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.