Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Զգուշ

August 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Մ.
(ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ)

Եթէ մտահոգ էք հալէպահայերու տխուր կացութեամբ` անոնց անբաղձալի վիճակին ու տառապանքին ի լուր եւ կ՛ուզէք անպայման օգնութեան փութալ խօսքով, թէ գործով, պիտի խնդրեմ, որ զգուշ վարուիք, մանաւանդ` խօսքի ընթացքին ու յայտարարութեանց մէջ: Զգո՜ւշ, արգահատանքի թող չվերածուի ձեր վերաբերմունքը. անգիտակցաբար մի՛ վիրաւորէք անոնց եսն ու արժանապատուութիւնը «Պնակ մը կերակուր» փութացնելու կոչերով, կամ` «250 տոլարով 80 ընտանիք կերակրելու» արշաւի ձեռնարկելով:

Հալէպահայերը անօթի մուրացկաններու մի՛ նմանցնէք: Մի՛ նուաստացնէք զիրենք:

Վստահ եմ, որ բարի նպատակով մէջտեղ կը նետէք այդ կարգախօսները, սակայն անոնք սիրտ խոցող ասեղներու թող չվերածուին:

Այո՛, դժնդակ են պայմանները այստեղ, յատկապէս` տնտեսական անապահովութեան մթնոլորտի մը մէջ, սական ամիսներէ ի վեր շարունակուող այս տագնապին մէջ դեռ չհանդիպեցանք հալէպահայ մուրացկանի մը, որ ափը պարզէր պատառ մը ուտելիքի համար:

Եթէ նոյնիսկ չենք ուզեր յիշել Աւետարանի «Աջ ձեռքիդ տուածը, ձախ ձեռքդ թող չիմանայ» պատուիրանը, գոնէ մարդկայնօրէն մտածենք ու լուռ գործենք: Անաղմուկ բարեգործութիւնը աւելի աստուածահաճոյ է, քան` բարձրաձայն, աղաղակող կոչերը:

Աշխարհի բոլոր կողմերէն ցաւակցող, զօրակցող խօսք ու գործով յորդեցան մեր մամուլն ու լրատուամիջոցները. շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ բոլո՜ր բոլորի՛ն, սակայն մի՛ ձգէք, որ ակամայ ստորնանանք (Աստուած մի՛ արասցէ) ու յաւիտեան շնորհընկալ մնալով, գլխիկոր մնանք մեր «բարերարներ»-ուն դիմաց:

Գալիք օրերը ի՛նչ կը բերեն` չենք գիտեր, սակայն չենք ուզեր, որ երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի, կոտտացող վէրք մը մնայ իւրաքանչիւրիս սրտին խորը:

Հալէպահայուն հպարտութիւնը ամէն բանէ վեր է, զգո՜ւշ, անգիտակցաբար ստուեր չձգենք անոր վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Չարաշահ Իշխանաւորները Պէտք Է Դատի Կանչել»

Յաջորդը

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականներու Բաշխում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.