Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Չարաշահ Իշխանաւորները Պէտք Է Դատի Կանչել»

August 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ունիմ ծերունազարդ բարեկամ մը: 90-է աւելի տարիներ գլորած է` հոգիին ու սրտին մէջ ամուր կերպով պահելով-պահպանելով մեր ժողովուրդին, հայրենիքին հանդէպ սէրը: Հաւատարիմ ընթերցող մըն է ու մամուլէն օրը օրին կը հետեւի մեզ յուզող լաւ ու տխուր իրադարձութիւններուն, Հայաստանի մէջ թէ այլուր: Երբեմն կը հեռաձայնէ եւ քանի անուշ բառ կը փոխանակենք, նաեւ դառնութեանց մասին ցաւակից կ՛ըլլանք:

Երեքշաբթի, 30 յուլիսին, հեռաձայնային նորագոյն խօսակցութիւնը ունեցանք: Խորապէս յուզուած էր, ձայնը` լացակումաց: Պատմեց, թէ նոր ստացեր էր Լիզպոնի Հինգին նահատակութեան 30-րդ տարեդարձին նուիրուած «Ասպարէզ»-ի թիւը, արցունքոտ աչքերով կարդացեր է Հինգին մասին յօդուածները: Օրհնութիւններ ունէր անոնց յիշատակին, զանոնք պանծացնող գրիչներուն: Յուզումը զիս ալ վարակեց որոշ չափով: Պատմեց, թէ այդ գրութիւնները իր յիշողութեան մէջ վերականգնած են իր հօր դառն պատմութիւնը. հայրը կիլիկեան իրենց քաղաքի ինքնապաշտպանութեան պահուն զոհ գացած է թուրք ջարդարարներուն: «Հայրս զոհուած է ծնելէս երկու ամիս առաջ… Հայրս չեմ տեսած…», եզրափակեց մեր զրոյցին առաջին բաժինը:

Յանկարծ մեր զրոյցը 90 աստիճանի թեքում մը արձանագրեց. «Թերթէն կը կարդամ Հայաստանի իշխանութեան դիրքերուն վրայ եղողներուն անարդար, վնասակար ընթացքին մասին. սիրտս կը սեղմուի, ամէն անգամ որ անարդարութեան, շահամոլութեան եւ հայրենիքին պարպումին մասին տեղեկութիւններ կը կարդամ:  Աչքերս առաջուանը չեն, չեմ ալ կրնար գրել. քեզմէ պիտի խնդրեմ, որ հետեւեալ պահանջս գրես»:

Պահանջր իմանալէ առաջ իսկ խոստացայ գրել:

«Գրէ՛. այս մարդիկը պէտք է դատարան քաշել, դատի կանչել», վճռեց:

«Բայց դատարաններու մէջ ալ իրենց մարդիկը զետեղած են…», չծածկեցի կասկածս:

«Մեր երկիրը այս ընթացքով չի կրնար շարունակել. պէտք է դատի տալ այս աւազակները, հայրենիքը քանդողները», պնդեց:

«Կ՛արտօնե՞ս, որ անունովդ արտայայտեմ առաջարկդ», հարցուցի:

«Այո՛, գրէ՛. անունս Յարութ Պալեան է, 93 տարեկան եմ», եզրակացուց յանդուգն ոճով:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նշմար. Զգուշ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.