Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի – Էխհորեսթ Հանդիպում Եւ Եւրոպական Միութեան Կողմէ Հըզպալլայի Դէմ Տրուած Որոշումին Վերաբերող Հակազդեցութիւններ

July 24, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էխհորեսթ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խստիւ դատապարտեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի դէմ տրուած որոշումը` շեշտելով, որ այս հանգրուանին նման բովանդակութեամբ որոշում մը անարդարութեան մարմնացումն է եւ Իսրայէլի մատուցուած ձրի ծառայութիւն մը:

Պըրրի շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած այս որոշումը ցուցանիշ մըն է, որ այլեւս Եւրոպան անկողմնակալ չէ, որովհետեւ ան կոյր կը ձեւանայ պաղեստինեան հողերուն վրայ հետզհետէ ընդարձակուող եւ բազմացող իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն նկատմամբ:

Պըրրի դրուատեց Եւրոպական Միութեան մաս կազմող այն երկիրները, որոնք Հըզպալլայի դէմ տրուելիք որոշումին պարագային վերապահ կեցուածք որդեգրեցին. ան կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան յետս կոչելու իր որոշումը եւ շարունակելու Լիբանանի հետ իր հեզասահ յարաբերութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ այս որոշումը պիտի խոչընդոտէ Լիբանանի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան դիւրաբեկ կացութիւնը պիտի ենթարկէ յաւելեալ վտանգներու:

Այս ծիրին մէջ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Եւրոպական Միութեան որոշումին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ այդ որոշումէն օգտուողը Իսրայէլն է: Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան որոշումը ոչ միայն Հըզպալլայի դէմ դաւադրութիւն մըն է, այլեւ` ամբողջ Լիբանանին, որ այս հանգրուանին գերզգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ:

Պըրրի ընդգծեց, որ այս որոշումէն օգտուողը Իսրայէլն է եւ ոչ թէ Եւրոպական Միութիւնը:

«Կը կարծէինք, որ Լիբանանը յատուկ տեղ ունէր Եւրոպայի աչքին, սակայն ի վերջոյ բացայայտեցինք, որ Իսրայէլը ձեզի համար առաջնահերթութիւն է», ըսաւ Պըրրի:

Հանդիպումէն ետք, Էխհորեսթ յայտնեց, որ Պըրրի մտահոգ է Լիբանանի, լիբանանցիներուն, լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ շրջանի ժողովուրդներուն վրայ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած որոշումին ունենալիք հետեւանքներէն:

էխհորեսթ նշեց, որ ինք Պըրրիին հաստատած է, որ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութիւնը ամուր կապերու վրայ հիմնուած է` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային, ինչպէս նաեւ ապահովական առումով:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի բարգաւաճումը Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է եւ ան պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` նիւթական եւ բարոյական առումով, ինչպէս նախապէս կը կատարուէր:

Էխհորեսթ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ իր խորհրդակցութիւնները առկայ պիտի պահէ, որովհետեւ Միութեան համար Լիբանանի հետ գործընկերութիւնը կարեւոր է:

Իր դէմ տրուած որոշումին գծով Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ Հըզպալլայի կտրուկ մերժումը` Եւրոպական Միութեան որոշումին, ընդգծելով, որ ասիկա անիրաւ, անարդար եւ անհիմն որոշում մըն է, որ ոչ մէկ տուեալ կամ դրդապատճառ ունի:

Հըզպալլա յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ ամերիկեան-սիոնական ճնշումներուն  ենթարկուիլը վտանգաւոր մակարդակի հասած է` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ Եւրոպական Միութեան որոշումը ենթարկուած է Սպիտակ տան որոշումներուն եւ գրուած է ամերիկեան ձեռքերով ու սիոնական գրիչով:

Հըզպալլա նկատեց, որ այս անիրաւ որոշումը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն ձգտումները չի դրսեւորեր եւ կը հակադրուի ազատութեան ու անկախութեան գաղափարին հետ:

«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգներու կամակատարը դառնալով կրնայ շրջանին եւ իսլամական աշխարհին մէջ տեղ մը ունենալ, ապա կը վերյիշեցնենք անոր, որ Ուաշինկթըն նման որոշումներու պարագային կանխած է Եւրոպական Միութիւնը, սակայն միայն ձախողութիւն եւ յուսախաբութիւն քաղած է», նշուեցաւ Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ողջունեց Հըզպալլայի դէմ Եւրոպական Միութեան տուած որոշումը` հաստատելով, որ անոր ընդմէջէն Եւրոպական Միութիւնը Հըզպալլային փոխանցած է զօրաւոր պատգամ մը, որուն համաձայն, կարելի չէ պատիժէ փախուստ տալ:

Քերրի յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի կրէ անցեալ տարուան ընթացքին Պուրկասի մէջ  գործած իր պայթումին, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ նման գործողութիւն մը ծրագրելուն հետեւանքները:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ զետեղելու Եւրոպական Միութեան որոշումը` շեշտելով, որ այդ որոշումը տրամաբանական եւ օրինական չէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի դատապարտեց Եւրոպական Միութեան որոշումը` զայն նկատելով քայլ մը, որ կ՛իյնայ սիոնական գոյացութեան ապօրինի շահերը իրականացնելու շրջագիծին մէջ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան ահաբեկչական նկատելու Եւրոպական Միութեան որոշումը` շեշտելով, որ եւրոպական այդ որոշումը թիրախ կը դարձնէ արաբ ժողովուրդին ներկան ու ապագան:

Սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլան ահաբեկչական նկատելու Եւրոպական Միութեան որոշումը` զարմանալի կամ անսպասելի չէր: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա պէտք է իր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկէ եւ վերջ տայ արտաքին հարցերուն մէջ իր ապօրինի միջամտութիւններուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիֆ Լալիօ ընդգծեց, որ Փարիզ բուռն կերպով զօրակցած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու որոշումին` հիմնուելով իր տուեալներուն, տեղեկութիւններուն եւ փաստերուն վրայ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։