
Մար Շարպելի տօնին առիթով երէկ Աննայայի մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը` հանդիսապետութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ու Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը իր խօսքը ուղղելով նախագահ Սլէյմանին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է, որովհետեւ երկրին սահմանադրութիւնն ու օրէնքները չեն յարգուիր, իսկ անկախութիւնը կայուն եւ ամուր չէ` նկատի ունենալով արտաքին բոլոր մտահոգութիւնները:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի հողը եւս վտանգուած է, որովհետեւ անոր մէկ մասը տակաւին բռնագրաւուած կը մնայ Իսրայէլի կողմէ: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի սահմանները մնայուն կերպով ենթակայ են ոտնձգութիւններու` դէպի Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս ապօրինի զէնքի փոխադրութեան պատճառով:
«Լիբանանեան համայնքները, յարանուանութիւնները եւ կուսակցութիւնները կը լողան եւ կը պայքարին իրենց շահերուն համար` երկրին, պետութեան եւ ժողովուրդին հաշուոյն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ կարելի ըլլայ յանգիլ ազգային հաշտութեան մը` առանց նախապայմանի կազմել կարենալու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ երկիրը վերադարձնէ իր քաղաքական, տնտեսական, վարչական եւ դատական իսկական հունին:
Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի չէզոք անձնաւորութիւններէ եւ այս կամ այն քաղաքական կողմերուն ներկայացուցիչներէն զերծ մնայ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան մէջ է, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել երկրին ընդհանուր կայունութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական երկու ընդարձակ խմբաւորումները կը մնան երկփեղկուած եւ կը շարունակեն իրենց ընթացքը` խանգարելով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը, մինչդեռ լիբանանցին կը մնայ աղքատ եւ իր հայեացքը կը սեւեռէ դէպի արտագաղթ:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ խորհրդարանին մէջ լաւագոյնս կը ներկայացնէ լիբանանցի ժողովուրդը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ռուսական ձայնասփիւռի կայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործադրուելիք բարեկարգումները պատերազմի եւ բռնարարքներու ընդմէջէն կարելի չէ ապահովել:
Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան նախագահ Սլէյման նախագահեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանին աւարտական հանդէսին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ յստակացնելու համար սահմանադրական բոլոր թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ սկսիլ երկխօսութեան մը, որ պէտք է խոր ըլլայ:
Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի ապահովութեան պահպանումը եւ շրջանային տագնապներէն Լիբանանը չէզոք պահելու կարեւորութիւնը:


