Պրազիլցի յառաջապահ Ռոպինիօ, որ մաս կը կազմէ Ա. Սէ. Միլանի, համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու մինչեւ 2016, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ 29 տարեկան մարզիկին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր 2014-ին, կը կարծուէր, որ ան պիտի վերադառնայ իր հայրենիքը եւ միանայ Սանթոսի:
Սակայն Ռէալ Մատրիտի եւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յառաջապահը նախորդ ապրիլին ըսած էր, որ Իտալիոյ մէջ իր կեցութենէն գոհ ըլլալով, կը մտադրէ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը:
Այսպիսով, ան մինչեւ 30 յունիս 2016, այսինքն` մինչեւ 2015-2016 տարեշրջանին աւարտը Ա. Սէ. Միլանի անդամ է:


