«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ժազիրա» մարզական պատկերասփիւռի կայանը իրաւունք ստացաւ ուղղակիօրէն պատկերասփռելու «Փրեմիեր լիկ»-ի բոլոր մրցումները` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, յառաջիկայ երեք տարիներուն, սկսելով յառաջիկայ ամիսէն:
Քաթարի մէջ հաստատուած «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը համաձայնութեան եկաւ «Թի. Վի. Սփորթց»-ի հետ` պատկերասփռելու «Փրեմիեր լիկ»-ի 380 մրցումները` 23 երկիրներու մէջ, Իրանէն` Մարոք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն` Եգիպտոս:
«Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումները, որոնք ուղղակիօրէն կը պատկերասփռուին, կը նկատուին աշխարհի ամէնէն հարուստը:
Ըստ «ՌՈՅԹԸՐԶ»-ի, յառաջիկայ երեք տարիներուն այդ մրցումները պատկերասփռելու համար «Ժազիրա» պիտի վճարէ 8,31 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ «Ժազիրա Սփոր»-ը, որ ունի 19 ուղղակիօրէն պատկերասփռող եւ մարզական լուրեր փոխանցող կայաններ` շրջանին մէջ, պիտի սկսի աւելցնել երեք նոր «ԷՅՉ. ՏԻ.» կայաններ, որոնք պիտի պատկերասփռեն Անգլիոյ բոլոր մրցումները:


