23 յուլիսէն 3 օգոստոս 2013, Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական 14-րդ ախոյեանութիւնը, որուն բնականաբար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան:
Armchess.am կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան ունի չորս մասնակցող:
Այդ չորս մասնակցողներն են` Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիա Քուրսովա, Լիլիթ Կալոյեան եւ Աննա Հայրապետեան:
Տեղի պիտի ունենան 11 հանգրուանի մրցումներ: 30 յուլիսը պիտի ըլլայ հանգիստի միակ օրը:
Մրցումները պիտի սկսին ժամը 17:30-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Այս մասին անդրադարձած է նաեւ PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը` աւելցնելով, որ ախոյեանութեան մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 75 հազար եւրօ: 60 հազար եւրոն յատկացուած է ճատրակ խաղացողներուն, իսկ 15 հազարը` Եւրոպական ճատրակի խորհուրդին:


