Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին յառաջապահներէն Ուէյն Ռունի (27 տարեկան), որ Թայլանտի մէջ խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Անգլիոյ բաժակակիր Ուիկընի դէմ տեղի ունենալիք «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցումին (11 օգոստոս), ինչպէս նաեւ այդ մրցումէն շաբաթ մը ետք Սուանզիի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բացման մրցումին անոր մասնակցութիւնը կը մնայ կասկածելի:
Ան շատ հաւանաբար բացակայի նաեւ 14 օգոստոսին «Ուեմպլի»-ի մէջ տեղի ունենալիք Անգլիա – Սկովտիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն:


