Sport.es մարզական կայքէջին համաձայն, Պարսելոնա կը շարունակէ Ա. Էս. Ռոմայի հետ իր բանակցութիւնները` անոր յետսապահ Մարքինիոսի փոխանցման հարցին շուրջ:
Թէեւ իտալական ակումբը չի մերժեր Պարսայի առաջարկը, սակայն կ՛ըսէ, որ անոր փոխանցման համար կը պահանջէ 25 միլիոն եւրօ:
Պարսայէն բացի, Ռէալ Մատրիտ եւս հետաքրքրուած է այս մարզիկով, սակայն անոնց երկուքին ալ առաջարկները ցարդ կը մնան մերժուած` նկատի ունենալով, որ անոնք փոխան 25-ի կ՛ուզեն վճարել 20 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին 19 տարեկան պրազիլցին իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմային հետ կատարեց 26 մրցում:


