Պուլկարիոյ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող եւ ամէնէն աւելի շատ յաջողութիւն արձանագրած խումբերէն Սոֆիայի Բանակայիններու ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս ինքզինք սնանկացած հռչակեց:
Ամիս մը առաջ ակումբի մարզիչ նշանակուած Հրիսթօ Սթոյիչքով ըսաւ, որ այժմ պէտք է նոր ակումբ մը փնտռենք, որպէսզի այդ ակումբը օգտագործէ մեր ունեցած արտօնագիրը, այլապէս չենք կրնար Ա. դասակարգին մաս կազմել:
Նախապէս Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացած Սթոյիչքով ըսաւ, որ «յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի չմասնակցինք «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, հակառակ անոր որ խումբը այդ մրցաշարքին տոմսը ապահոված է` նախորդ տարեշրջանին գրաւելով երրորդ դիրքը` ընդհանուր դասաւորման մէջ»:
31 անգամ Պուլկարիոյ ախոյեան հանդիսացած Սոֆիայի Բանակայիններուն կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր ունեցած 6,5 միլիոն բաժնետոմսերը փոխանցած է Սթոյիչքովի:
Եթէ պատահի, որ մինչեւ 20 յուլիս` Պուլկարիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելու թուականը, անիկա չյաջողի համաձայնութեան մը գալ Ա. դասակարգի խումբերէն մէկուն հետ, խումբը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի ոչ արհեստավարժներու ախոյեանութեան:


