

Երէկ` կիրակի, 7 յուլիսին աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը` թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի եւ 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի միջեւ:
Արձանագրելով 6-4, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը` Միւրէյ ոչ միայն տիրացաւ տիտղոսին, այլ կրցաւ հանդիսանալ առաջին անգլիացին, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին` 1936-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Մրցումէն ետք, վեց կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Տիոքովիչ շնորհաւորեց Միւրէյը` անոր արձանագրած այս յաղթանակին համար, ըսելով, որ ան արժանի էր այս յաղթանակին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, տիտղոսին տիրացաւ ֆրանսացի Մարիոն Պարթոլի (15-րդ), որ 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Սապին Լիսիքիի (23-րդ):


