
Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր մարզիչ Տէյվիտ Մոյես նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջապահ Ուէյն Ռունի ծախու չէ, որովհետեւ ան կ՛ուզէ մնալ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Մոյես, որ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը տուաւ նախկին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընին փոխարինելէ ետք, ըսաւ, որ Ռունի «Օլտ Թրեֆորտ» իր կեցութենէն գոհ ըլլալով, այլ խումբի մը փոխանցման մասին չի մտածեր:
402 մրցումի ընթացքին Եունայթըտի հետ 197 կոլ նշանակած Ռունի հինգ անգամ հանդիսացած է երկրի ախոյեան, մէկ անգամ տիրացած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ երկու անգամ ալ` Անգլիոյ լիկայի բաժակի տիտղոսին:


