TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 13 յուլիսի ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) մեծ տօն կը սպասէ բոլորին` Միքա մարզադաշտին մէջ:
Ալպեր Սարգսեանի 50-ամեակին նուիրուած այս ընկերական մրցումը պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ իրարու դէմ պիտի ճակատին Արարատի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան աստղերը:
Դաշտին մուտքը պիտի ըլլայ ձրի:
Երկու խումբերուն կազմերն ալ, ինչպէս նշուած է մրցումին պաստառին վրայ, կը խոստանան կատարել բաւական լաւ ներկայացումներ:


