Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազիրեան» Ակումբին Մէջ. Արաբական Աշխարհի Վերջին Իրադարձութիւններուն Մասին Շահեկան Զեկուցում

July 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաուըր փոյնթի դրութեամբ զեկուցում, որուն նիւթն էր «Արաբական աշխարհի վերջին իրադարձութիւնները»` ներկայութեամբ շրջանի հայորդիներուն: Զեկուցաբերն էր Լութֆիկ Այվազեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին անունով արտասանեց Դաւիթ Գազանճեան, որ նշեց, թէ ներկայիս արաբական աշխարհն ու Միջին Արեւելքը կ՛ապրին ցնցումային հանգրուան մը, որուն լաւապէս պէտք է ծանօթանանք, քայլ պահենք եւ որդեգրենք մեր կեցուածքները:

Ապա խօսք առաւ զեկուցաբեր Լութֆիկ Այվազեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց արաբական աշխարհին աշխարհաքաղաքական իրավիճակն ու կրօնական դիմագիծը: Ան հաստատեց, որ Միջին Արեւելքը ունի պատմական եւ կրօնական կարեւորութիւն, ինչպէս նաեւ տնտեսական մեծ արժէք, քանի որ աշխարհի քարիւղի պահեստներուն շուրջ 50 առ հարիւրը կը գտնուի շրջանին մէջ:

Լութֆիկ Այվազեան

Լութֆիկ Այվազեան ըսաւ, որ մեծ պետութիւնները` Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ իրենց բոլոր կարելիութիւններն ու ուժականութիւնը ի գործ կը դնեն կարգ մը իսլամական խմբաւորումներուն ճամբով ապահովելու արաբական քարիւղն ու Իսրայէլի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ նուազեցնելու Ռուսիոյ եւ այլ ուժերու ազդեցութիւնը:

Ան նշեց, որ «արաբական գարուն»-ը ո՛չ ժողովրդավարական եւ ո՛չ ալ կրօնական դիմագիծ ունի, այլ` ամբողջովին քաղաքական է, մինչ ժողովրդավարութիւնն ու կրօնը միջոցներ են ի սպաս իրենց նպատակներուն` «Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիր»-ին: Ան աւելցուց, որ եթէ ժողովրդավարութեան համար պահանջ կայ, ապա արաբական թագաւորական երկիրներէն պէտք է սկսիլ ժողովրդավարութիւնը, երբ այս երկիրներուն մէջ թագաւորները ամէն տեսակի ժողովրդավարական փորձերը բռնութեամբ կը կասեցնեն:

Այվազեան ըսաւ, որ Թուրքիա եւ Ծոցի երկիրներ այս պայքարներուն մէջ կ՛ուզեն իրենց շահաբաժինը ապահովել եւ այդ նպատակին իրականացման համար ունին իրենց մասնակցութիւնը: Իսլամական աշխարհի պատմութեան եւ կրօնական ճիւղաւորումներուն անդրադառնալէ ետք Այվազեան հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմը ամէնէն կարեւոր եւ ազդեցիկն է, որովհետեւ քաղաքական եւ աշխարհագրական առումով ունի իր կարեւոր ազդեցութիւնը:

Խօսելով հայկական գաղութներուն մասին` Լութֆիկ Այվազեան շեշտեց, որ հայութիւնը հաւաքաբար Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ պէտք է ձեռնարկէ հայապահպանման աշխատանքներու եւ ճկուն քաղաքականութեան, որպէսզի այս հարցերէն նուազագոյն վնասներով դուրս գայ:

Աւարտին, զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ լսեց կարծիքներն ու տեսակէտները:

 

Նախորդը

13 Յուլիսին. Արարատ – Նախկին Խորհրդային Միութեան Աստղեր Մրցում

Յաջորդը

Լեւոն Զէքի Ետալեան Կը Ստանձնէ «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Հովանաւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.