
Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Փարիզ յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ Շամիի հետ քննարկած է նաեւ Լիպիոյ հարցը` մտահոգութիւն յայտնելով Լիպիոյ մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ:
Փիեթոն յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ Լիբանան եւ Ֆրանսա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ են, ապա անոնք պէտք է զօրակցին լիպիացի ժողովուրդին եւ դատապարտեն անոր դէմ գործուող բռնարարքները:
Փիեթոն աւելցուց, որ Շամիի հետ քննարկած է Լիբանանի կեցուածքը Լիպիան արգիլեալ գօտիի վերածելու որոշումէն` աւելցնելով, որ տակաւին այդ որոշումները չեն տրուած, այլ` մնացած են խորհրդակցութեանց սահմաններուն մէջ:
Փիեթոն ընդգծեց, որ Լիպիոյ վերաբերեալ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործակցութիւնը առկայ է, յատկապէս Լիպիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիները Պէյրութ վերադարձնելու առումով:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Փիեթոն յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութենէն եւ աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութիւնը զուտ լիբանանեան է` յոյս յայտնելով, որ այդ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ շուտով կազմել:


