Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ սկզբունքով երէկ կէսօրէ առաջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին դիմաց տեղի պիտի ունենար բողոքի ցոյց մը` առ ի զօրակցութիւն Հենրիխ Մխիթարեանին:
Սակայն այդ ցոյցը տեղի չունեցաւ, հակառակ անոր որ անոր մասնակցելու համար բոլոր ֆութպոլասէրներուն կոչ ուղղուած էր:
Բողոքի ցոյցը լուսաբանելու համար հոն հաւաքուած էին միայն մարզական տասը լրագրողներ, որոնք հոնկէ վերադարձան ձեռնունայն:


