Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ խմբակցութեան` նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացման բանաձեւը, որ կառավարութիւնը մօտ կէս տարի առաջ մերժեց, սպասումներու հիման վրայ կառուցուած բանաձեւ էր: «Մարդը անորոշութեան մէջ պիտի չյայտնուէր, պիտի չմտածէր թէ, կրնա՞յ յանկարծ կառավարութիւնը 10 տոկոսով, 20 տոկոսով, 50 տոկոսով բարձրացում կատարէ կամ ընդհանրապէս աշխատավարձերը չբարձրացնէ: Ասիկա ամէնէն վատ բանն է, երբ մարդը իր ապագային մէջ անորոշութիւն կը տեսնէ», կառավարութեան «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծի քննարկման ընթացքին յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:
Պատգամաւորը նշեց, որ կառավարութիւնը իրենց նախագիծը մերժեց` պատճառաբանելով, թէ անոր իբրեւ արդիւնք պիտի մեծնայ ստուերային տնտեսութիւնը, աշխատողները պիտի չձեւակերպուին, գործարարները աշխատավարձերու բարձրացում փաստացիօրէն պիտի չիրականացնեն: Ան նշեց, որ իրենց նախագիծին մէջ կը նշուէր` այս տարուան 1 յունուարէն նուազագոյն աշխատավարձերը սահմանել 45 հազար դրամ, ինչ որ, ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, կարելիութիւն պիտի տար նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին այս ընկերային լարուածութիւնը չունենալ կամ մեղմացնել: Ըստ Մինասեանի, կառավարութիւնը մերժեց իրենց նախագիծը եւ հիմա կը բերէ այս նախագիծը եւ անունը կը դնէ, թէ իբրեւ միջանկեալ լուծում կու տան: «Իրականութեան մէջ, յարգելի՛ կառավարութիւն, յարգելի՛ գործընկերներ, կառավարութիւնը ոչ թէ միջանկեալ լուծում կու տայ, այլ ասով իր անգործութիւնը եւ անհետեւողական քաղաքականութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ», ընդգծեց ՀՅԴ-ի պատգամաւորը:
«Տարուան կէսէն նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում կ՛իրականացնէք: Որքան ալ որ դրական է, տնտեսական քաղաքական տեսակէտէն ասիկա սխալ մօտեցում է: Տարուան կէսէն խաղի կանոնը փոխել, ատիկա ալ անհասկնալի սկզբունքներէ մեկնելով, պարզապէս չեմ կրնար բնութագրել, թէ ի՛նչ տնտեսական քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ մեր երկիրը: Ո՛վ մարդ, ընդունէիք, մեր առաջարկը ձերը ընէիք, անունը դնէիք, որ կառավարութեան առաջարկն է, բայց իրականացնէիք այդ առաջարկը: Չեն ըներ, Յովի՛կ Աբրահամեան, չեն ըներ, հակառակը կ՛ընեն: Հակառակը կ՛ընեն, մենք անոր համար կը վրդովինք», յայտնեց պատգամաւորը:
Մինասեան նշեց, որ 45 հազար դրամը չի ծածկեր նոյնիսկ նուազագոյն սպառողական զամբիւղի արժէքը, եւ նախագիծը պատճառ կը դառնայ նաեւ ստուերային տնտեսութեան մեծացման:


