Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթահայութիւնը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակի 95-ամեակը

June 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՊՈՅԵԱՆ

Մայիս 28-ի հանդիսութեան Քուէյթի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Մովենփիք պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-խրախճանք, որ իրականացաւ յանձնախումբին եռամսեայ հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքով:

Այս օրը իսկական յաղթանակի օր էր: 400 ներկաներու մասնակցութիւնը այդ մասին կը վկայէր: Սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր եռագոյն դրօշակներով, հանրապետութեան զինանշաններով, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակներով:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի: Հանդիսութեան պատուոյ նախագահն էր Կիրակոս Տարագճեան, իսկ օրուան բանախօսը`  ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան:

Պաշտօնական բացումէն առաջ յանձնախումբին անդամները իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրեցին յատուկ այս առիթով պատրաստուած գեղեցիկ թղթապանակներ, իսկ ներկաներուն կուրծքերը զարդարեցին օրուան խորհուրդը ներկայացնող զարդասեղներով եւ եռագոյն ժապաւէններով:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը սկսաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով. օրուան հանդիսավարներն էին` Նուարդ Եաղլըճեան եւ Յակոբ Էմրազեան:

Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, շրջանի ՀՅԴ Պատասխանատու կազմի ներկայացուցիչ  Յակոբ Պետիրեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները այս պատմական տօնակատարութեան իրենց ներկայութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ մայիս 28-ի տեղն ու դերը հայոց պատմութեան փառապանծ էջերու կերտման ու ժողովուրդի մը ճակատագրի տնօրինման առումով. «Ամէն ժողովուրդ իր երկարամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած է հերոսական զանազան դրուագներ, որոնցմով կը հպարտանայ, սակայն կան այնպիսի պատմական հերոսութիւններ, որոնք համազօր են  հրաշքի: 1918-ի մայիս 28-ին հայ ժողովուրդին յաղթանակը կարելի է համարել այդ հրաշքներէն մէկը: Սարդարապատի մայիսեան հրաշքը տասնամեակներ շարունակ ներշնչած է ողջ հայ ժողովուրդը, որ կարողացաւ միահամուռ ճիգերով, կերտել մայիսեան երկրորդ հրաշքը` 1992-ին, Շուշիի ազատագրումով»: Ապա ներկայացուցիչը իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով օժանդակած էին ձեռնարկին յաջողութեան:

Ներկայացուցիչի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսութեան նախագահ` Կիրակոս Տարագճեան եւ յատուկ արարողակարգով նախագահին կուրծքը զարդարուեցաւ ոսկեձոյլ կրծքանշանով` որպէս խորհրդանիշ երախտագիտութեան:

Այնուհետեւ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մեդիա» կայանին կողմէ պատրաստուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը թեմայով խտասալիկը:

Խօսք տրուեցաւ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանին: Ան իր տպաւորիչ եւ ոգեշունչ ելոյթով նախ շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով, ապա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ  անկախութեան տուած դասերուն, որոնք պէտք է սերտենք ազգովին եւ տէրը կանգնինք մեր պատմութեան, մեր ճակատագրին. «Հայաստանի Հանրապետութեան տուած դասերից մէկը ազգային միասնութեան դասն է: Մենք միշտ պարտուել ենք, երբ համախումբ չենք եղել, երբ թշնամիները կարողացել են պառակտել մեր շարքերը: Մենք միշտ յաղթել ենք, երբ մի կամք ու մի բռունցք ենք եղել: Վկայ` Վարդանանց կռիւը, վկայ` արցախեան ազատամարտը: 1918 թուականի մայիսին կենաց եւ մահու կռիւ էին ելել բոլոր հայորդիները: Կուսակցական պատկանելիութիւն եւ քաղաքական մտածելակերպ մի կողմ թողած` նրանք միասին էին նահատակւում կամ` միասին յաղթում: Միասին էին դաշնակցականն ու ապագայ պոլշեւիկը, հնչակն ու ռամկավարը, անկուսակցականը եւ հոգեւորականը: Բոլորը ոտքի վրայ էին` իրենց ժողովուրդի առջեւ մեծ պատասխանատուութեամբ եւ պարտքի մեծ գիտակցումով: Այսօր էլ հայ ժողովուրդին օդի եւ ջրի պէս միասնութիւն է պէտք, ինչպէս` այն օրերին: Աւելին է պէտք: Սարդարապատի կռւում մենք մենակ էինք եւ մենակ ջարդ տուինք թշնամուն: Եւ յաղթեցինք մեր միասնութեամբ: Արցախեան կռւում մի բռունցք դարձանք, պահպանեցինք մեր զաւակների անդորրը:

«Անկախութեան յաջորդ դասը սեփական ուժերին ապաւինելու դասն է: Երկար դարեր մեր ժողովուրդը իր փրկութիւնը սպասում էր հեռու կամ մօտիկ տէրութիւններից: Դա մեր ազգային ողբերգութիւնների պատճառներից մէկն է եղել, որ ջլատել է հայ մարդու հաւատն իր ուժերի նկատմամբ»:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակի պատգամը փոխանցեց հիւր-բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ մայիս 28-ի արժէքը, հայութեան պայքարելու եւ յաղթանակներ կերտելու երթը, որ հինէն կու գայ եւ դէպի ապագայ կ՛երկարի. «Այսօր հայոց ուժը մեր հզօր պետականութիւնն է»: Ան յոյս յայտնեց, թէ «ազգովին մէկ բռունցք դառնալով` անպայմանօրէն պիտի նպաստենք հայոց պետականութեան հզօրացման եւ անկասկած,  վաղ թէ ուշ, մենք պիտի ունենանք հզօր հայրենիք եւ աննման ժողովուրդ», ապա խօսքը ուղղելով հայոց բանակին` նշեց, թէ հայկական բանակը այսօր ամենաարդար բանակն է, քանի որ գործեր է ո՛չ թէ տարածքներ գրաւելու, այլ մեզմէ խլուածը վերադարձնելու. «Բազում կրակներու ու աւերներու միջով անցած զինուորի սխրանքը ուսանելի է գալիք սերունդներու համար, որովհետեւ անոնց վիճակուած է բազմապատկելու մեր բոլոր յաղթանակները: Մենք կը հաւատանք, որ հայ զինուորը միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր ազգին եւ հայրենիքին»:

Գեղարուեստական պաշտօնական յայտագիրէն ետք երեկոն խանդավառեցին հալէպահայ սիրուած երգիչ Յովսէփն ու իր նուագախումբը` վայելքի անմոռանալի ժամեր պարգեւելով ներկաներուն:

Ճոխ եւ մտերմիկ մթնոլորտէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրում` գաղութին մէջ գործող բոլոր մարմիններուն եւ միութիւններուն վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ` շարք մը գործակիցներուն, որոնք իրենց անշահախնդիր ծառայասիրութեամբ դաստիարակելի օրինակներ հանդիսացած են մեր մէջ աճող ու հասակ նետող նոր սերունդներուն: Այնուհետեւ պարգեւատրուողները միասնաբար հատեցին մայիս 28-ի 95-ամեակի տարեդարձին առիթով պատրաստուած կարկանդակը:

Առաւօտեան վաղ ժամերուն երգիչ Յովսէփը, կրկին անգամ բեմ բարձրանալով, ներկայացուց յեղափոխական երգերու շարան մը: Քուէյթահայ կեանքի պատմութեան մէջ ստեղծուած այս հայաշունչ, գեղեցիկ եւ մտերմիկ երեկոյի ընթացքին կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ առաւօտեան ժամը 4:00-ին յոտնկայս, «Արիւնոտ դրօշ» երգով, հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Գարնանային Ցուցահանդէս-Վաճառք Եւ Վիճակահանութիւն

Յաջորդը

«Սարդարապատով Վերածնուած Հայրենիք»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.