
«Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման դէմ ուղղուած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վիճարկումը անպայման որ պիտի ընդունուի ըստ օրէնքի», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան Միշել Աուն երէկ` քննադատելով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հաստատած խորհրդարանի որոշումը:
Նշենք, որ վերջերս խորհրդարանին կողմէ հաստատուած պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումը դուռը բացաւ թեր ու դէմ կարծիքներու, հարցականներ ստեղծելով այդ ճամբով նախագահի պաշտօնավարութեան երկարաձգման գծով:


