Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն. Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն

June 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, կիրակի, 12 մայիս 2013-ին, Ս. պատարագի աւարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ:

Տիկնանց յանձնախումբին անունով Մանուշակ Թորոսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է պատուելու համար մեր մայրերը, որոնք կը գուրգուրան եւ անսակարկ զոհողութիւններով կը ձգտին լաւագոյնին: «Տարիներ շարունակ բոլորս ականատես եղած ենք զանազան մայրերու, որոնք սիրայօժար ծառայած են եկեղեցւոյ` զոհելով իրենց թանկագին ժամերը, լուռ եւ յարատեւ հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին եւ ծառայութեան», հաստատեց Մանուշակ Թորոսեան` աւելցնելով, որ այդ փաղանգին կը պատկանի Պերճուհի Պոսնոյեան եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի սրբազան հօր ձեռամբ ստանայ օրհնութեան գիր:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ծառայութեան ոգիին` օրինակ բերելով Տիկնանց յանձնախումբին աշխատանքները, որոնք կը կատարեն ծառայութեան ոգիով, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցւոյ եւ հաւատքով կը ծառայեն անոր: Սրբազանը յայտնեց, որ  Պերճուհի Պոսնոյեան այն կիներէն մէկն էր, որ  երկար տարիներ շարունակ ծառայած է եկեղեցւոյ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլայ անոր ծառայութիւնը եւ Աստուած վարձատրէ զայն: Ապա ան յանձնեց օրհնութեան գիրը:

Գեղարուեստական բաժինով եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Շահէ Քէշիշեան մեներգեց մայրերու նուիրուած երգ մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Նախորդը

«Հայկական Ինքնութիւն» Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Յաջորդը

Ազգագրական Պարերու Տարեկան Փառատօն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.