Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջիհանդէս. 68 Շրջանաւարտներ` Մաշտոցի Շունչով Տոգորուած Եւ Ամուր Գիտութեամբ Օժտուած, Ստացան Իրենց Վկայականները

May 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, մուտք գործեցին շրջանաւարտները: Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանին համար այս առիթը հաշուետուութեան պահ է, ինքնարժեւորելու միջոց է, անցնող տարուան աշխատանքը գնահատելու եւ գալիք տարեշրջանի աշխատանքի հորիզոնները բնորոշելու շարժառիթ է: Ան աւելցուց, որ այս բոլորին հունձքը մեր շրջանաւարտներն են, որոնք գործունէութեան արգասիքն են, եւ որոնց համար նշեալ հանդէսը եւս ունի իր կարեւորութիւնը:

Կ. Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեան վարժարանի անձնակազմին երազները սահման չունին, եւ դպրոցը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնէ` արձանագրելու նոր նուաճումներ, զարգացում եւ վերելք:  Աւարտին Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն, ժողովրդապետութեան, սկաուտախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին վարժարանին:

Ապա շրջանաւարտները միասնաբար երգեցին «Մեսրոպեանի երգը», որմէ ետք արաբերէնով շրջանաւարտներու խօսքը արտասանեց Թրէյսի Խազրիք, որ նշեց, թէ շրջանաւարտներուն համար այս պահը յոյսի առիթ է, ծնողներուն ժպիտը վայելելու պահն է եւ անցնող տարիներու յիշատակները ապրելու միջոցն է:

Արուեստից վարժարանէն խումբ մը աշակերտներներ հրամցուցին նուագ մը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներուն մասին տեսերիզ մը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ աւարտական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու կողմէ հայկական, հնդկական եւ արաբական պարերու շարանի մը ներկայացումով, որմէ ետք Մարիա Մելքոնեան արտասանեց արաբերէնով մաղթանք մը:

Շրջանաւարտներու հայերէն խօսքը արտասանեց Մարինէ Հալլաճեան, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի հողը բարեբեր է, կը պատրաստէ նոր սերունդներ եւ կ՛ընթանայ աննահանջ քայլերով`  որպէս յաղթական ջահակիր սփիւռքի օտար ափերուն: Արուեստիցի շրջանաւարտներուն կողմէ հայկական պարի մը կատարումէն ետք,  ֆրանսերէնով շրջանաւարտներուն խօսքը ընթերցեց Վալենթինա Ապաճեան, որ շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին, որպէսզի այս վկայականներուն արժանանան:

Աւարտական դասարաններու նուագախումբը ներկայացուց երաժշտութիւններու շարք մը, որմէ ետք Գէորգ Պուսույեան խօսք առաւ անգլերէնով: Ան ըսաւ, որ վարժարանը իր բոլոր տարրերով աշակերտներուն յանձնեց զէնք մը, որ մեզի կու տայ վստահութիւն, ինքնորոշման քաջութիւն եւ բարձր դիրքերու հասնելու կարելիութիւն:

Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի Վահան»-ի փոխանցումին յաջորդեց «Վերջին զանգ» խմբերգի հաւաքական կատարումը, որմէ ետք խօսք առաւ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը պայծառացած է իր կրթական ու դաստիարակչական նուաճումներով, լուսաւորուած` իր արձանագրած գիտական ու ուսումնական յաջողութիւններով եւ յառաջացած` իր այժմէական եւ կենսայորդ տեսիլքներով:

հայր Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը դարբնոց մըն է մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոսակերտումի, ովասիսային միջավայր մը, ուր ամէն արեւածագին կը կատարուի մարդ թրծելու, կազմելու, եւ կատարեալ հայ քրիստոնեայ մարդը կազմաւորելու հրաշքը: Իսկ շրջանաւարտներուն Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ անոնք պէտք է տէր դառնան իրենց ապագային եւ ամէնուրեք հպարտանան հայու պատկանելիութեամբ:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում, կարկանդակի հատում, հրավառութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Մայիսեան Տօնախմբութիւն Քուէյթի Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Սփըրզ Հանդիսացաւ Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան. Փէյսըրզ – Հիթ` 2-2

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.