Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Տարեցներու «Ս. Յարութեան Տօն»-ի Համախմբում

May 25, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ տարեցներու հաւաքներ` նպատակ ունենալով հոգեւոր ու ընկերային մթնոլորտ ստեղծել եւ ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին եւ ունին նիւթական ու ընկերային դժուար պայմաններ:

Այս ծիրէն ներս ապրիլ 4, 2013-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի յարկին տակ: Օրուան հիւրն էր Մեսրոպ քհն. Քերքեզեան: Ան ներկաներուն խօսեցաւ Ս. Զատկուան տօնին մասին, որ նմանութիւն ունի  եբրայեցիներու պասքեթի տօնին հետ, որուն ընթացքին կը յիշատակուի Եգիպտոսի ծանր լուծէն իրենց ազատիլն ու ելքը: Ան բացատրեց Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան յատուկ խորհուրդը, ինչպէս՝ տասը կոյսերուն առակը, ոտնլուան, վերջին ընթրիքը, Յիսուսի խաչելութիւնը եւ յարութիւնը:

Տէր Մեսրոպ խօսեցաւ նաեւ Զատկուան շրջանի սովորութիւններուն խորհրդանշական կարեւորութեան մասին, ինչպէս` հաւկիթ ներկելը կամ հաւկթախաղը:

Օրուան գեղարուեստական բաժնի գործադրութեան մասնակցեցան Քառասուն Մանկանց վարժարանէն աշակերտներ, որոնք ասմունքով ու խմբային երգերով խանդավառեցին ներկաները: Ապա աշակերտները եւ տարեցները միասնաբար խաղցան հաւկթախաղ եւ յաղթական մայրիկը ստացաւ նուէր մը:

Օրուան ճաշը` սու պէօրեկ, նուիրուած էր «Մամիկ» հաստատութեան կողմէ: Աղցանը պատրաստուեցաւ կամաւոր կիներու կողմէ, որոնք նաեւ հիւրասիրութեամբ զբաղեցան: Տարեցներու այս հաւաքը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա տարբեր սերունդներ միացուց իրարու ու ստեղծեց հոգեկան կապ մը, որ յուզիչ էր ու ազդեցիկ:

Նախորդը

Ի՞նչ Գիտենք Մեր Մարմնին Մասին

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Կալա-Ընթրիքը. 156 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Քոլեճի Բարգաւաճման

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.