Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմ Գեղանկարներն Պատգամ Ունին Փոխանցելիք» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գրիգոր Ակոբեան

May 16, 2013
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Ժըտէյտի-Պաուշրիէ-Սատ շրջաններու քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի, տեղի պիտի ունենայ Գրիգոր Ակոբեանի «Կար պարտէզ մը» խորագրով ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը:

Այս առիթով «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը` արուեստագէտ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Այս ցուցահանդէսին ներկայացուելիք գործերը իւրայատուկ են իրենց տեսակին մէջ. ի՞նչ կը ներկայացնեն անոնք:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս ցուցահանդէսին ներկայացնելիք գործերս, ինչպէս կը նկատէք, ծառեր չեն, այլ ծառի կոճղեր` իրենց արմատներով: Նման գեղանկարներ ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ ալ անկէ դուրս կը գտնէք: Ամէն արուեստագէտ ունի ոճ մը, ես ուզեցի նոր ոճ մը աւելցնել արուեստի այս մարզին մէջ: Իսկ թէ ինչո՛ւ ծառեր գծած եմ, որովհետեւ վերջերս ծառեր շատ կը կտրուին, իսկ արմատները կը ներկայացնեն ազգերու ուժերը եւ գոյատեւումը, առանց արմատներու` ազգերը կը կորսուին, իսկ եթէ արմատները տեղէն շարժես, ծառը կը մնայ, բայց կը դադրի աճելէ, ազգերուն քաղաքակրթութիւններն այդպէս են, ժողովուրդ մը պէտք է կառչած մնայ իր արմատներուն, այլապէս կը կորսուի, կը ձուլուի, բոլորը իրարու կապուած են, կոճղը, ճիւղերը, տերեւները արմատները` բոլորն ալ խորհրդանշական իմաստ ունին, կը ներկայացնեն նաեւ մարդը իր ծնունդով եւ մահով: Մի՛ մոռնաք, որ ծառը կեանք կու տայ, առանց ծառի կեանք չկայ: Որեւէ այլ մոլորակի վրայ եթէ բոյս տեսնուի, կը նշանակէ, թէ այդտեղ կեանք կայ:

ԱԶԴԱԿ.- Երբ կը դիտենք ծառերուն արմատները, կարծէք մարդու կերպարանք ունին կամ պատկեր մը կը յիշեցնեն, այդ մէկը դիտումնաւո՞ր է:

ԱԿՈԲԵԱՆ.– Ո՛չ, ես պարզապէս գծած եմ այն, ինչ որ տեսած եմ: Այս ծառերը Նաաս շրջանի մէջ կը գտնուին, ես երկար ժամեր անցուցի այդտեղ` նկարելով, սերտելով ամէն պզտիկ մանրամասնութիւն, որպէսզի պատկերը հարազատ ըլլայ: Ես գիտեմ իւրաքանչիւր ծառ, որ գծած եմ, ո՛ւր կը գտնուի: Բնականաբար որոշ բարեփոխումներ կատարած եմ, բայց միայն 10 առ հարիւրը փոխուած է, այլապէս 90 տոկոսը մօտաւորապէս իսկական պատկերն է: Այս ծառերուն քով շատ բաներ կային, բայց ես հանեցի, որպէսզի միայն ծառին պատկերը երեւի իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

ԱԶԴԱԿ.- Արմատներու միջեւ բացութիւնը խորհրդանշական իմաստ ունի՞:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Արմատները սովորաբար այդպէս պէտք է ըլլան, այլապէս տկար կ՛ըլլան: Կը նմանի քաղաքակրթութիւններու, եթէ չզարգանան, ետ կը մնան: Պէտք է ժողովուրդի մը արմատները տարածուին, որպէսզի այդ ժողովուրդը յառաջդիմէ եւ գոյատեւէ: Ես այդպէս կը բացատրեմ, բաւական բարդ խնդիր է, գծելը դիւրին է ինծի համար, բայց բացատրելը` դժուար:

ԱԶԴԱԿ.- Գեղանկարներուն մէջ տեղ տեղ կ՛երեւի կանաչութիւնը միայն, ընդհանրապէս ծառին կոճղերն են, իրենց բունով եւ արմատներով եւ լման չէ գծուած, ինչո՞ւ:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Ես փորձած եմ ծառերուն բնական գեղեցկութիւնը ցոյց տալ` առանց կողմնակի մանրամասնութիւններու, որպէսզի մարդիկ տեսնեն ծառին գեղեցկութիւնը, անոր ուժը, բնական տեսքը, որ կը բարձրանայ գետնէն մինչեւ երկինք, որ կը նշանակէ, թէ կեանքը կը շարունակուի: Այս սքանչելի ծառերը կը կտրուին անխնայ կերպով, հետեւաբար իմ գծած ծառերս պատգամ ունին փոխանցելիք դիտողին:

ԱԶԴԱԿ.- Այս գեղանկարները որեւէ այլ տեղ ցուցադրուա՞ծ են:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս գեղանկարները առաջին անգամն է, որ հանրութեան սեփականութիւնը պիտի դարձնեմ, եւ մարդիկ պիտի զարմանան, որ Ակոբեանը ծառ գծած է, որովհետեւ իմ գործերս գերիրապաշտ ոճին կը պատկանին:

ԱԶԴԱԿ.- Բնաւ կը մտահոգուի՞ք, թէ մարդիկ ի՛նչ կրնան ըսել այս գործերուն մասին. կը հաւատա՞ք, որ ձեր փոխանցելիք պատգամը կը հասնի իր նպատակին:

ԱԿՈԲԵԱՆ.– Երբեք չեմ մտահոգուած, ես այս գործերը ինծի համար գծած եմ, մարդիկ ճիշդ ակնարկութիւններ կ՛ընեն, սակայն շատ յաճախ ալ սխալ նկատողութիւններ կ՛ընեն. կարեւորը` ես ներաշխարհիս ապրումները փոխանցեցի եւ նոր ոճ մը ստեղծեցի: Անշուշտ կ՛ուրախանամ, երբ մարդիկ կը գնեն իմ գործերէս, որովհետեւ այդ ձեւով ես կը վարձատրուիմ, բայց կը հաւատամ, որ ցուցահանդէսները ժողովուրդին համար են եւ` ոչ արուեստագէտին: Իմ ստեղծած ոճս բոլորովին նորութիւն մըն է եւ ասկէ ետք մարդիկ երբ նման ծառեր տեսնեն, պիտի ըսեն` «Ակոբեանին ոճն է»:

ԱԶԴԱԿ.- Ընդհանրապէս, երբ գեղանկար մը կը դիտէք, պէտք է խօսուն ըլլայ նկարը եւ գրաւէ քեզ, ձեր գեղանկարները այդպիսին են, չափազանց իրական, այնքան մը, որ կ՛ուզես դպչիլ եւ զգալ:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Ճի՛շդ է, շատ մօտ են իմ գործերս գերիրապաշտ ոճին եւ այն արուեստագէտներու գործերուն, որոնք տեսարաններ կը գծեն (նաթիւր մորթ):

Տարբերութիւնը այն է, որ իմ գեղանկարներս պատգամ ունին փոխանցելիք: Անոնք գծած եմ իրենց իսկական չափերով, հսկայ ծառեր պիտի տեսնեն ներկաները, որ բաւական տպաւորիչ է եւ զօրաւոր:

ԱԶԴԱԿ.- Արուեստագէտներ յաճախ իրենք իրենց մարտահրաւէրներ կ՛ուղղեն. ձեր պարագային այդպէ՞ս եղաւ այս գեղանկարներու պատրաստութիւնը:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այո՛, ինծի համար իսկական մարտահրաւէր մըն էր, որովհետեւ բնաւ ծառ չեմ գծած եւ բոլորովին տարբեր զգացում է: Ծառի մը այդ բոլոր մանրամասնութիւնները գծելը դիւրին չէ, եւ մտքով չես կրնար գծել, պէտք է դիմացդ պատկերը ունենաս, տեսած պէտք է ըլլաս, նկատած, որպէսզի  կարենաս հարազատ պատկերը ունենալ, հարազատ գոյներով:

Իմ գեղանկարներս միշտ ալ դիտողին մտածել կու տան. եթէ դիտողը զարգացած է, անպայման պիտի պրպտէ, հարցումներ ուղղէ եւ մտածէ:

ԱԶԴԱԿ.- Եթէ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին պիտի խօսինք, ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի:

ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս գեղանկարները պիտի ցուցադրեմ Մոնրէալի մէջ, սեպտեմբերին եւ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն այս գործերու ցուցադրութեամբ պիտի զբաղիմ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ պիտի ցուցադրեմ շուրջ 23 գեղանկար, քանի մը հատը` բաւական մեծ:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 մայիս 2013, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

 

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարան. Պաշտօնական Բացում` «Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները» Նիւթով Գիտաժողովին

Յաջորդը

Յարութ Սասունեան Եւ Մհեր Յովհաննիսեան Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.