Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմահացնել Յիշատակը

May 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 մայիսին Լոռիի ճամբուն վրայ` դէպի Վրաստան մեկնումի ընթացքին «Ասպարէզ»-ի անգլերէն բաժինի օգնական խմբագիր Ալէն Եկիկեանն ու իր կինը` Սօսին ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացան: Զոյգը հայրենիքի մէջ պսակուած էր եւ հոն նոր ընտանիք կազմելու նուիրական պայքարի լծուած էր:

Ալէնի եւ Սօսիի հեքիաթային եւ իտէալական կեանքը այսպիսով ունեցաւ ողբերգական ու ցնցիչ աւարտ:

Ստորեւ կը հրատարակենք այս գծով «Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի ակնարկը:

Անցեալ շաբաթ երեկոյ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ հաւաքուած էինք մեր սիրելի Ալենի եւ Սօսէի յիշատակին մոմ մը վառելու համար:

Հաւաքին ընթացքին խօսք առին ու իրենց ցաւն ու վիշտը, քաղցր յիշատակները պատմեցին այս հրաշալի զոյգին ընկերները: Խօսք առնողներէն մէկը` Դաւիթը, Ալենին եւ Սօսէին յիշատակը յաւերժացնելու հիմնադրամի մը մասին ակնարկեց: Վստահ եմ, որ այդ մասին շատեր կը մտածեն: Այս երիտասարդ զոյգին կեանքը, որ այնքան հարուստ էր ուսանելի խորհուրդներով, անպայմանօրէն պէտք է արժանանայ մեր ժամանակակիցներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ գալիք սերունդներու ուշադրութեան:

Արդարեւ, առինքնող ուժ ունի սփիւռքի մէջ ծնած, հասակ նետած այս զոյգին պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անոնք կապուեցան Հայաստան աշխարհին, թէ ինչպէ՛ս այդ կապը վերաճեցաւ հայրենիք փոխադրուելու, այնտեղ աշխատելու, ընտանեկան նորակազմ օճախը այնտեղ հաստատելու որոշումին:

Վստահ եմ, որ շատերու միտքէն կ՛անցնի Ալենին եւ Սօսէին անունով հիմնադրամ մը ստեղծելը, ինչ որ պիտի սատարէ իրենց որդեգրած արժէքներու տարածման: Հայրենի հողին հետ մեր սփիւռքածին երիտասարդները կապելը այդ արժէքներէն ամէնէն կարեւորներէն է, եւ հետեւաբար ճիշդ կ՛ըլլայ այդ արժէքը քարոզող ու տարածող ծրագիր մը նկատի առնել հիմնադրամի ստեղծման համար:

Կայ այդպիսի ծրագիր մը, որուն ջատագովներէն եղած են Ալենն ու Սօսէն: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Youth Corps անունով տարեկան յայտնի ծրագիրն է, որ ամէն տարի տասնեակներով երիտասարդներ կը տանի Հայաստան, ուր անոնք կ՛աշխատին հայ մանուկներու ու պատանիներու հետ եւ… կը սիրահարին հողին, հայրենիքին:

 ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Հայերէնի Գրաւոր Քննութիւն. Պատմական Օր Մը Հալէպի Համար

Յաջորդը

«Երէկուան Ցաւդ Այսօրուան Ուժդ Է»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.