Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէնի Գրաւոր Քննութիւն. Պատմական Օր Մը Հալէպի Համար

May 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արմէն Յարութիւնեան …………………………………………………………………………………………………………….23/3/44 Զ. Կարգ

 Հայերէնի Գրաւոր Քննութիւն

Պատմական Օր Մը Հալէպի Համար

13 մայիսի մեր թիւով լոյս ընծայած էինք Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակ 332»-ին, որուն մէջ ան ակնարկութիւն կը կատարէր «վաթսունինը տարեկան» իր հայերէնի քննութեան թուղթին։

Ստորեւ կը հրատարկենք 1944 թուակիր քննութեան թուղթը այնպէս, ինչպէս որ է՝ պահելով հարազատութիւնը։

Մօտաւորապէս չորս ամիս է որ Սուրիա անկախութիւն ստացաւ ֆրանսայէն եւ անգլիացիներէն, շնորհիւ իր անդուլ ճիգերուն: Լիբանանի հանրապետութիւնն ալ անկախացաւ։ Սուրիոյ նախագահն է Շիւքրի պէյ Գուաթլի, որ Շէյխ Թաճի մահէն յետոյ նախագահ ընտրուեցաւ Դամասկոսի մէջ:

Շիւքրի պէյ Գուաթլի իբրեւ իր ժողովուրդին հայրը, իրաւունք ունի իր երկրին ամէն անկիւնները պտըտելու եւ զայն բարեկարգելու: Իբրեւ իր պարտականութեան գիտակից, արդէն սկսած է այցելել կարգ մը քաղաքներ ինչպէս Հոմս, Համա եւն. ուր արժանացած է խանդավառ ընդունելութեանց: Պէտք չկայ ըսելու որ այդ օրը քաղաքին խանութներն ու դպրոցները փակ մնացած են:

Այդ քաղաքներու կարգին, հանրապետութեան նախագահ Շիւքրի պէյ Գուաթլի, պիտի գայ այցելելու նաեւ Հալէպ, ուր նախագահը պիտի ընդունուի աւելի մեծ խանդավառութեամբ: Այս օրը, երբ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահը Հալէպ պիտի այցելէ – 23 մարտ 1944 – Պատմական օր մը պիտի ըլլայ Հալէպի համար եւ պիտի չմոռցուի Սուրիոյ պատմութեան մէջ:

Հալէպի ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ պիտի դիմաւորէ հանրապետութեան նախագահը:

Ժողովուրդին մէջ առանց ազգի խտրութեան պատրաստութիւն կայ, Սուրիոյ ժողովուրդը երախտապարտ պիտի մնայ իր նախագահին:

 

2) Լուծել.-

Այսօր, Հալէպ թնդանօթի 21 հարուածներով պիտի ողջունէ Սուրիոյ նախագահը:

Այսօր – Ժամնկ. մակբայ «պիտի ողջունէ»-ին:

Հալէպ – Յտկ. ան. եզ. ուղղ. հոլ, Տէր բայի «պիտի ողջունէ»-ին:

Թնդանօթի – Հս. անուն, եզ, սեռ. հոլ. յատկցչ. «հարուածներով»-ին:

21 – Բաց., թուական ածական «հարուածներով»-ին:

Հարուածներով – Հաս. ան. Յոգ. գործ. հոլ, բնթ. խնդ. «պիտի ողջունէ»-ին յտկցչ. «թնդան»

Պիտի ողջունէ – ողջունել Ա. լծ. ներգ կան. բայ. սահմ. եղ. բաց. ապառնի, եզ. Գ. դէմք:

Սուրիոյ – Յտ. ան. եզ. սեռ. հոլ. յտկցչ. «նախագահը»-ին:

Նախագահը – հաս. ան, եզ. հայց. հոլ. յատկց. «Սուրիոյ»-ին (ը. որոշ. յօդ):

Ցասմնալից – Բարկութեամբ լեցուն
Անստգիւտ – Աննման
Թախանձանք – Աղաչանք
Կաշկանդել – Կապել
Մրրկոտն – Սրընթաց
Ճեպընթաց – Արագընթաց
Չնաշխարհիկ – Շատ գեղեցիկ
Հրահրել – Արծարծել

Երէկ, երբ նախագահը դիմաւորելու գացինք, ճեպընթացը արագօրէն սուրաց այդ տեղէն, սոսկալի սուլոցով մը:

 

Նախորդը

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի «Առողջապահութեան Շաբաթ»-ը

Յաջորդը

Անմահացնել Յիշատակը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.