Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան

May 13, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն աւելի քան 200 երէց պատանիներ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան` Անթիլիաս:

Առաջին հանգրուանով, իբրեւ հայ եւ դաշնակցական, պատանիները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն` մոմավառութիւն կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Մատրան մէջ, ապա կառչած մնալու եւ խորապէս ամրացնելու համար իրենց քրիստոնէական հաւատքը, այցելեցին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար:

Այնուհետեւ կարգապահ շարքերով պատանիները ուղղուեցան «Կիլիկիա» թանգարան. պատանիները առաջնորդեց ու մանրամասն բացատրութիւններ փոխանցեց «Կիլիկիա» թանգարանի պատասխանատու Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան: Ապա պատանիները ունեցան շահեկան դասախօսութիւն մը` «Հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դերը ազատագրական շարժման մէջ» նիւթով: Սոյն դասախօսութիւնը ներկայացուց Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանը:

Այցելութեան վերջին բաժինով, պատանիները առիթ ունեցան հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ պատանիներուն անունով Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապօղլեան վեհափառ հօր յանձնեց «Դաշնակցական պատանիի գիրք»-ը իբրեւ յուշանուէր, նշեց Լիբանանի պատանեկան միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը:

Սիրալիր ընդունելութենէ ետք, վեհափառ հայրապետը առիթ ստեղծեց զրոյց մը կատարելու պատանիներուն հետ` Հայ դատի եւ հայ պատանիի դերակատարութեան մասին: Պատանիները խոստացան իրենց մայրենի լեզուին եւ քրիստոնէական կրօնին ամուր պահպանումով ըլլալ ջահակիրները ազգային պահանջատիրութեան, եւ ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի խնդրանքին ու ոգեւորուելով տիրող յեղափոխաշունչ մթնոլորտէն, յաջորդաբար երգեցին «Պանք Օթոման» եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգերը:

Հանդիպումը վերջ գտաւ աջահամբոյրով եւ խմբային յիշատակի լուսանկարով մը:

Պատանիները տուն վերադարձան նորոգուած հայ եւ դաշնակցական պատանիի պահանջատիրական խիզախ կամքով:

Նախորդը

Ռաուտայի Մէջ Շուշիի Ազատագրութեան 21-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Ժամանակի Ընթացքին Հարաւային Կովկասը Պիտի Դառնայ Միաւորուած Տարածաշրջան» Կ՛ըսէ Սահակաշվիլի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.