Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաուտայի Մէջ Շուշիի Ազատագրութեան 21-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

May 13, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 12 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի ժողովրդային տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ շրջանի բնակչութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները լսելէ ետք, ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Կիրակոս Գարակէօզեան, որ նշեց, թէ Արցախի ժողովուրդը 21 տարի առաջ շնորհիւ իր անվախ ու զոհուող ֆետայիներուն ծունկի բերաւ վայրագ թշնամին եւ ապացուցեց, որ 20-րդ դարու աւարտին իսկ կարելի է հայրենիք ազատագրել` ջրելով այն բոլոր անիմաստ խօսքերը, թէ այլեւս ազատատենչ ժողովուրդներու համար յաղթանակներու ժամանակը վերջ գտած է:

Գարակէօզեան նշեց, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդութիւնը պէտք է հաւատարիմ մնան պահանջատիրական ոգիին եւ այդ շունչը փոխանցեն նորահաս սերունդներուն:

Կիրակոս Գարակէօզեան
Յովիկ Պերթիզլեան

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Պերթիզլեան, որ նշեց, թէ արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին Շուշիի ազատագրումը մարտահրաւէր էր, որովհետեւ  կարելի չէր շրջափակուած վիճակի մէջ շարունակել պայքարը: Պերթիզլեան ըսաւ, որ յաղթանակին գլխաւոր գործօնը հայ զինուորին կորովն էր, յաղթանակի համոզումն էր, այլապէս կարելի չէր նուաճում արձանագրել:

Բանախօսը հաստատեց, որ Շուշիի յաղթանակը հայութեան համար հոգեբանական եւ մտածողութեան փոփոխութիւններ յառաջացուց, որովհետեւ Շուշիէն ետք հայութիւնը թուրքին յաղթած ժողովուրդ է, յաղթանակ կերտած հաւաքականութիւն է: Այս շրջագիծին մէջ Պերթիզլեան աւելցուց, որ Շուշիի յաղթանակը Հայ դատի պայքարին մէջ յառաջիկայ հանգրուանին ունի իր մեծ կարեւորութիւնն ու արժէքը:

Յովիկ Պերթիզլեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է հայ ժողովուրդի պատմութեան կերտումին մասնակից դառնայ, եւ այսօր հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է հանդիսանայ Արեւմտահայաստանը, ուր կայ մեծ աշխատանք, ուր գոյութիւն ունեցող գլխաւոր նպատակը ազատագրումն է եւ այս ծրագիրին իրականացման առաջին քայլը ծանօթացումն է, իրավիճակին մօտէն հետեւիլն է:

Իր խօսքի աւարտին Պերթիզլեան յայտնեց, որ անկախ եւ միացեալ Հայաստանը կը կերտուի, երբ ունինք Քրիստափոր Միքայէլեանի յարատեւ պայքարի ոգին եւ փշոտ ու երկար ճամբան յաղթահարելու կամքը: Ան Դրոյին խօսքը մէջբերելով հաստատեց, որ ով որ Շուշիին տիրած է, ապա վաղը կրնայ տիրել Արեւմտահայաստանին:

Գեղարուեստական յայտագիրին ազգային-հայրենասիրական երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Շաքէ Պաղտասարեան, Ալիս Իփրաճեան, Լուսին Տեմիրճեան եւ Գօգօ Արոյեան, որոնց կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեանն ու իր նուագախումբը:

Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներու «Արիւնոտ դրօշ» երգի միացեալ կատարումով եւ հրավառութեամբ:

 

 

Նախորդը

Փունջ Մը Անմոռանալի Երգերու Մենահամերգ` Գէորգ Պեպեճեանի Ձայնով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.