Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

98-րդ Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան

May 3, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2013-ին, Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը յարգանքի իր տուրքը մատուցեց մեր նահատակներուն: Բեմին վրայ զետեղուած էին նահատակ գրագէտներու դիմանկարները, զորս նկարչութեան ուսուցիչի հսկողութեամբ պատրաստած էին Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները: Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Գրիգոր Զօհրապ կը հսկէին օրուան հանդիսութիւնը:

Մարինէ Կիւլիւմեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց պատմական տուեալները Հայոց ցեղասպանութեան, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանէն Մեղրի Սալպաշեանը արտասանեց «Հայոց աշխարհը», իսկ Քելի Միքայէլեանը` «Հայկական նետը»: Ա. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Հպարտ հայորդին»: Խմբային արտասանութեամբ հանդէս եկան Բ. Գ. դասարանները` յաջորդաբար ներկայացնելով «Ով ունի»-ն եւ «Հայրենի ջուրը»:

Դ. կարգէն աշակերտներ կենդանի պատկերով ներկայացուցին «Հայաստան աշխարհ»-ը, իսկ Ե. կարգը` «Պիտի իյնաս»-ը:

Հնչեցին նաեւ «Հզօր Հայաստան», «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» եւ «Թող հնչեն շեփորք» խմբերգները: Գեղարուեստական յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Հայ մամիկին աղօթք»-ով, «Ասացուածք ծառ տնկելու մասին» արտասանութիւններով` ներկայացուած Զ. կարգի խումբ մը աշակերտներու կողմէ:

Վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան` փակման իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «յիշելու եւ յիշեցնելու» ձեռնարկները` հանդիսութեամբ, հսկումով, պատարագով, քայլարշաւով ոչ միայն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած են, այլ ամբողջ աշխարհատարածքին, ուր հայ գոյութիւն ունի: «Հատուցման պահանջատիրութիւնը» բարոյական, գիտական, նիւթական լայն կարելիութիւններու եւ կարողականութեան, մանաւանդ հաւատքի կը կարօտի: Իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ի ձեռնարկ յարգանք է մեր նահատակներուն եւ վերանորոգում ուխտի, որ իբրեւ յաջորդները մեր նախահայրերուն` ըլլանք անոնց արժանաւոր զաւակները:

Նախորդը

Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ` Սերոբ Յակոբեանի Կատարողութեամբ

Յաջորդը

Ընկերվարական Ոսպնեակ. Հիւկօ Չաւեզը Եւ Մենք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.