Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեգ» Թատերական Դպրոց. «Սասունցի Դաւիթ» Թատերախաղի Բարձրորակ Եւ Դաստիարակիչ Ներկայացումներ

April 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

18,19, 20 եւ 21 ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի ներկայացումները` հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին: Առաջին երկու ելոյթները նուիրուած էին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, իսկ վերջին երկուքը` հանրութեան. վերջիններուն ներկայ էին մեծաթիւ արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:

Ներկայացումը կը կրէր «Սասունցի Դաւիթ» անունը` հայկական համանուն դիւցազներգութեան հետեւողութեամբ: Ներկայացումին հեղինակը, գեղարուեստական ղեկավարը եւ բեմադրիչն էր Ռոպերթ Առաքելեան:

«Արեգ»-ի դերասանները շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երաժշտախառն թատերական ներկայացումին հանդիսատեսին ապրեցուցին Սասունցի Դաւիթի քաջարի տիպարը, անոր իրագործումներն ու ձեռքբերումները: «Արեգ»-ի անդամները ուրիշին չենթարկուելու եւ անկախ ապրելու պատգամները փոխանցեցին, ինչպէս նաեւ թելադրեցին պահպանել հայրենիքը:

Սասունցի Դաւիթ Մսրայ Մելիքին չուզեց ենթարկուիլ եւ դէմ կանգնելով պայքարեցաւ, ապա դէմ առ դէմ կռուեցան, մինչեւ որ Դաւիթ յաղթանակ արձանագրեց եւ ազատեց Սասունը: Այստեղ կ՛երեւին սասունցիներու հոգեվիճակները, ազատութեան տենչն ու ոգին եւ հերոսին նուիրական գործը: Այլ դիտակէտէ` բռնատէրին անմարդկային վերաբերմունքը եւ բռնութիւնները: Ներկայացումին գեղարուեստական իւրայատկութիւն տուին ազգային հայրենասիրական երգերը, որոնք հինը կապեցին նորին, այժմէականին, մինչ պարերը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ:

Թատերգութիւնը, բեմականացումը, դերասաններու խաղարկումները, բեմական ձեւաւորումը, լուսաւորումը, երգերն ու երաժշտութիւնը միասնաբար ստեղծեցին բարձրորակ, հաճելի եւ դաստիարակիչ մթնոլորտ, ինչ որ նոյնինքն կրթադաստիարակչական իմաստով ունեցաւ իր կարեւորութիւնը:

«Արեգ»-ի ներկայացումները արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Յայտնենք, որ թատերախաղի բեմայարդարումը կատարած էր Յարութ Հարպոյեան, երաժշտական ձեւաւորումը եւ ձայնասփռումը` Նարեկ Առաքելեան, լուսաւորումը` Գէորգ Նոխուտեան, երգերու իրագործումը` Զաքար Քէշիշեան, իսկ պարերու ձեւաւորումը` Պետրոս Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Խմբաւորման Ցանկագրումի Արշաւ

Յաջորդը

«Էքսոտուս». Իւրայատուկ Ցուցադրութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.