Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Խմբաւորման Ցանկագրումի Արշաւ

April 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 21 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ընթացք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումին արշաւը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն կեդրոն ժամանած էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկըրեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Նկատելի էր երիտասարդութեան եւ տարբեր տարիքի պատկանող հայրենակիցներու գիտակից եւ խանդավառ պատրաստակամութիւնը. անոնք խիտ շարքերով կամաւորաբար եկան եւ ցանկագրուեցան այս հաւաքական արշաւին` քաջ գիտակցելով, որ իրենց նուիրուածութեամբ օգտակար պիտի դառնան հիւանդի մը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային իրենք պիտի ըլլան օգտուողները:

Ընդհանուր պատկերը կը ներկայացնէր համայնքային, միութենական եւ հաւաքական ճիգի մը արգասիքը, ինչպէս կը վկայէր Սօսի Սաղըրեան եւ կը հաստատէր, որ ԼՕԽ-ի պատգաւորական ժողովէն բխած եւ Շրջանային վարչութեան ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախաձեռնած արշաւը իր հայեցակէտի յաջող նախաքայլը կը թեւակոխէր:

Իսկ առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկըրեան, խօսելով նախապատրաստական աշխատանքներու մասին, բարձր գնահատեց միասնակամ աշխատելաձեւն ու խորհրդակցութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք բիւրեղացաւ տուեալ ձեռնարկը: Ներկայացնելով քարոզչական աշխատանքները` ան ըսաւ, որ կատարուած հրատարակութիւններն ու «Վանայ ձայն»-ի սփռած բազմատեսակ յայտագիրները մեծապէս նպաստեցին` ժողովուրդին մէջ վառ պահելով մասնակցութեան ոգին:

Ապա Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մատլեն Խօշեան գնահատեց Այնճարի քաղաքապետութեան զօրակցութիւնն ու հայրենակիցներուն խանդավառութիւնը, մանաւանդ որ անոնք Պէյրութէն թէ  Այնճարէն փութացին կեդրոն եւ նպաստեցին այս արշաւին: Ան հաստատեց, որ  200 հայորդիներ մասնակցեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւին, եւ մաղթեց, որ բոլոր հայորդիները նոյն խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ նպաստեն այս նախաձեռնութեան:

Ցանկագրումի արշաւը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոց. «Սասունցի Դաւիթ» Թատերախաղի Բարձրորակ Եւ Դաստիարակիչ Ներկայացումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.